
53 տարի Հռոմ մնալէ ետք, կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին անփուտ մարմինը Հինգշաբթի յետմիջօրէին հասաւ Պէյրութի օդակայանը, ուր արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան:
Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ երեկոյեան տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմինին հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ պետական, կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներու:


Ժողովրդային հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, մարոնի համայնքի պատրիարք կարտինալ Պշարա Ռայի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ:
Լիբանանեան ազգային եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւններով հանդէս եկաւ լիբանանեան բանակի նուագախումբը:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով տեղափոխուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ:
Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 Հոկտեմբեր 2022ին, իսկ 23 Փետրուար,2024ին աւարտած էր անփուտ մարմինի կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը:
