Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Չորեքշաբթի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը, Կազայի մէջ պատերազմը եւ պաղեստինեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տեղական հարցեր, ինչպէս` նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը եւ սուրիացի գաղթականներու հարցը:
«Պատմութեան մէջ, շատ քիչ անձեր այս կեցուածքները կ՛արտայայտեն. Պորել Կազայի պատերազմէն ետք այդ կատարեց. Կազայի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական օրէնքի ամբողջական ոտնահարումէն ետք, այդ մէկը կատարեց Եւրոպական Միութեան մէջ», հանդիպումէն ետք յայտնեց Ժոմպլաթ:
Պորել Հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային սահմանին վրայ արձանագրուող զարգացումները: Ապա ան այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
«Պորելի այցելութիւնը Լիբանանին բերած իր պատգամին կարեւոր ցուցանիշն է: Շրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւնը կը կարօտի պաղեստինեան դատի լուծման», հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Պու Հապիպ:
«Լիբանանցի ժողովուրդը խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ զարգացում կ՛ուզէ ու ոչ թէ պատերազմ։ Կազայի մէջ պատերազմին պատճառով շրջանային յաւելեալ մագլցումի կարելիութենէն մտահոգ ենք: Այսօր հիմնական պատգամս այն է, թէ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կը կանգնի», իր կարգին ըսաւ Պորել:
Ան կոչ ուղղեց «Լիբանանի բոլոր ղեկավարներուն` աշխատանք տանելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն համար եւ ոչ թէ ուրիշներու շահերուն համար»:
«Պէտք է տնտեսութիւնը բարեկարգել եւ վերակազմակերպել դրամատուները, եւ պատրաստ ենք Լիբանանին աջակցելու եւ կրնանք օգնել, սակայն չենք կրնար ներքին խոչընդոտները յաղթահարել. Այդ մէկը իրենք` լիբանանցիները կրնան ընել», ըսաւ Պորել:
Ան նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կազայի եւ Լիբանանի վրայ կատարուող յարձակումներուն լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը եւ այդ յարձակումներուն Միջին Արեւելքի կայունութեան վրայ ունեցած ապահովական ու քաղաքական հետեւանքները:
Պըրրի գնահատեց Պորելի կեցուածքները, որոնք Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն գծով իրաւունքին եւ ճշմարտութեան մասին կը վկայեն` ընդգծելով. «Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն իրաւունքը ունի եւ կրնայ ինքզինք պաշտպանելու»:
Պորել նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Միքաթի գնահատեց Պորելի Լիբանանին աջակցող կեցուածքները եւ ըսաւ. «Ներկայ փուլին պահանջուածը միջազգային եւ ՄԱԿի ճնշում է` դադրեցնելու համար Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը»:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ներքին կացութեան եւ Լիբանանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութեան` «լուծելու համար սուրիական ներգաղթի թղթածրարը եւ անոր ներկայ ու ապագայ վտանգները»: