Իրան վճռական է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին մէջ եւ մտադիր չէ զիջելու: Այս մասին կը նշուի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Իբրեւ շրջանային տէրութիւն` Իրան տասնամեակներու ընթացքին ապացուցած է իր վճռականութիւնը, ներառեալ յաղթելով Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին դէմ պատերազմին մէջ: Իրանը յստակ ցոյց տուած է, որ ոչ մէկ արտաքին ուժ` ըլլա՛յ այդ քաղաքական, թէ զինուորական ճնշում, ի վիճակի է թուլացնելու իր ազդեցութիւնը:
Շրջանային հաւասարակշռութիւնը խախտելու որեւէ փորձ` շրջանցելով Իրանի շահերը, պիտի բախի ուժեղ դիմադրութեան: Մեր երկիրը պիտի շարունակէ պաշտպանել իր դիրքերը քաղաքական եւ ռազմավարական բոլոր հարցերուն մէջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մէկ օր առաջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնաբանած էր, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին շուրջ տարբեր դիրքորոշումներ ունենալու պատճառով Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները:
«Լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող զրպարտիչ մեղադրանքները իբրեւ թէ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութեան, Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքներու վերաբերեալ, իրականութեան հետ կապ չունին», պնդած էր Զախարովա: