Հայաստան այցելող Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Փարիզ յոյս ունի, որ նախքան Նոյեմբերին տեղի ունենալիք COP 29-ը Պաքու պիտի ապացուցէ խաղաղութեան հասնելու իր փափաքը։
«Հայաստան խաղաղութիւն կ՛ուզէ, Ֆրանսա խաղաղութիւն կ՛ուզէ, միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, եւ որովհետեւ Ատրպէյճան շուտով պիտի հիւրընկալէ COP 29-ը, անոր պատասխանատուութիւնը ցոյց տալն է, որ անկեղծօրէն կը փափաքի հասնիլ այդ խաղաղութեան նախքան COP 29-ը: Կը կարծեմ, թէ պէտք է կարենանք յառաջ ընթանալ այս թեմային շուրջ շատ արագ», յայտարարեց Սեժուրնէ:
Ան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նախ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, ապա վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Ըստ կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան` Սեժուրնէի հետ հանդիպումին ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը փափաքի ամրապնդել իր գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պետականութիւնը, եւ այդ ճամբուն վրայ բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեժուրնէ յայտարարեց նաեւ, որ Փարիզ կ՛աջակցի Երեւանի ու Պաքուի միջեւ կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան, որ պիտի հաստատէ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն: Նոյն սկզբունքները, ըստ Սեժուրնէի, պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան սահմանագծման գործընթացին:
«Պայմանագիր մը, որ պիտի յարգէ գերիշխանութիւնը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա Ալմա Աթայի մէջ 1991ին ստորագրուած փաստաթուղթին ամբողջ իմաստն է, եւ Փրակի մէջ 2022ին քաղաքական հանրութեան այս նոյն գաղափարը ներկայացուած է», աւելցուց Սեժուրնէ։


Միրզոյեան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը մօտիկ է, հակառակ անոր որ Ատրպէյճան այդ մէկը անկարելի կը նկատէ։ «Տեղեակ էք, որ փոխանցել ենք մեր հերթական խմբագրական առաջարկները, որում Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բացառապէս փոխհամաձայնեցուած տեքստ (բնագիր) է: Կրկին մենք օր առաջ պատրաստ ենք ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը` այն տեքստը, որն արդէն համաձայնեցուած է Ադրբեջանի եւ Հայաստանի միջեւ, համաձայնագիր, որն, ըստ էութեան, երկու երկրները միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը կը ճանաչեն, Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ` մի փաստաթուղթ, որը սահմանում է ի թիւս այլ բաների, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմաններն այն սահմաններն են, որոնք գոյութիւն են ունեցել Խորհրդային Միութեան շրջանում` դրա փլուզման պահին երկու երկրների միջեւ», յայտարարեց Միրզոյեան:
Իսկ Սեժուրնէ հաստատեց, որ Փարիզ կ՛աջակցի Երեւանի ազատութեան ու ժողովրդավարութեան գործընթացին մէջ եւս, ընդ որում, ըստ անոր, Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը Ֆրանսայի մէջ այն քիչ նիւթերէն է, որուն շուրջ համաձայնութիւն կայ քաղաքական զանազան բեւեռներու միջեւ:
«Այսօր Երեւան այցելելով՝ ես նաեւ եկած եմ արտայայտելու Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ Ֆրանսայի բարեկամութիւնը, համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը` հակառակ սպառնալիքին եւ վախցնելու փորձերուն, հակառակ Ռուսիոյ բացայայտ թշնամութեան, հակառակ այս բոլորին` Հայաստան կը շարունակէ իր ուղին դէպի ազատութիւն, դէպի ժողովրդավարութիւն, յառաջ կ՛ընթանայ փուլ առ փուլ», ընդգծեց Սեժուրնէ:
Ան շեշտեց, որ Փարիզ Հայաստանին կ՛աջակցի նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ. Հայաստան պէտք է կարենայ պաշտպանել իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ բնակչութիւնը: «Բարեկամներու միջեւ բնական է համագործակցութիւնը նաեւ այս բնագաւառին մէջ, եւ մենք այդ մէկը կ՛ընենք՝ յարգելով գերիշխանութիւնը, առանց որեւէ մագլցումի միտումի»:
Սեժուրնէ յայտնեց, որ իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ հաստատուած է նոր պաշտօն մը, որ կը համակարգէ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ծրագիրները:
Թէ՛ Միրզոյեանի եւ թէ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատեցին Երեւանի ու Պրիւքսէլի միջեւ ընթացք առած վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը եւ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամին կողմէ Հայաստանին աջակցելու որոշումը:
Օր մը առաջ, Սեժուրնէի այցելութիւնը ընթացք առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը տրուած այցելութեամբ: Ապա, Հայաստանի Միրզոյեանի ընկերակցութեամբ, ան այցելեց Վեդիի ջրամբարը, որ կը կառուցուի Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան վարկային միջոցներով եւ կառավարութեան համաֆինանսաւորումով: