Հայաստան այցելող Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման գծով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահն է, յայտարարեց, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կարելի է 9 Նոյեմբերի պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ։ Ան նաեւ այս տարուան Մայիսի ջրհեղեղէն ետք վերակառուցուած երկաթուղիով մեկնեցաւ տուժած Ալավերդի, ուր պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
«Ապաշրջափակումը կարելի է այն պայմանաւորուածութիւններու շրջանակներուն մէջ, որոնք ձեռք բերուած են երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ, եւ որոնք կ՛արտացոլան 9-10 Նոյեմբեր 2020ի միացեալ յայտարարութեան մէջ: Ինչպէս գիտէք, Ռուսիա միշտ պատրաստ է միանալու այդ գործընթացին եւ օգնելու` մեկնելով Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքէն», յայտարարեց Օվերչուք։

Ան նաեւ մասնակցեցաւ միջկառավարական յանձնաժողովի հանդիպումին, որ, ըստ Օվերչուքի, տեւեց շուրջ 5 ժամ, եւ քննարկուեցան բոլոր հիմնական հարցերը: Անդրադառնալով Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող լարուածութեան՝ Օվերչուք պնդեց, թէ իրականութիւնը եւ լրատուամիջոցներուն մէջ ներկայացուող պատկերը տարբեր են իրարմէ:
«Ինչի՞ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէք. կայ լրատուական մթնոլորտ մը, որ յաճախ բացասական է: Եւ կայ իրականութիւն մը: Այսօր մենք իրական երկաթգիծով եկանք եւ տեսանք իրական աշխատանք, որ կատարուած է: Մենք ունինք ապրանքներու շրջանառութեան իրական աճ, որ կը վկայէ մեր երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման մասին: Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչները իսկապէս աշխատանք կը տանին, եւ մենք պէտք է տարբերենք այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ իրական աշխարհին մէջ, եւ այն, որ կը պարտադրուի լրատուական օրակարգին մէջ, որ յաճախ պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան», հաստատեց Օվերչուք։