Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին 16 Սեպտեմբերին, Հանրապետութեան հարաւային շրջանները կատարած աւանդական շրջագայութեան ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Վայոց Ձորի մարզպետ Կոլեա Միքայէլեանի հետ: Այս մասին յայտնեցին դեսպանատունէն։
Զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցան Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու կարեւորութիւնը, միջտարածաշրջանային համագործակցութեան նշանակալի ներուժը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու եւ փոխըմբռնման ամրապնդման մէջ:
«Յատկապէս նշուեցաւ Վայոց Ձորի մարզի եւ Ռուսիոյ գործընկեր շրջաններու փոխգործակցութեան դրական օրինակը», հաղորդեց դեսպանատունը։
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ առեւտրական ներկայացուցիչ Աննա Տոնչենքօ եւ Հայաստան-Ռուսիա միջխորհրդարանական յանձնաժողովի ռուսական բաժինի փորձագէտ Վահրամ Կարապետեան: