ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արմաւիա» ընկերութիւնը Նոյեմբեր 27ին պիտի սկսի Երեւան-Պէյրութ, Երեւան-Հալէպ թռիչքները, որոնք դադրեցուած էին Նոյեմբեր 13ին՝ թրքական կողմէ «թեքնիք սպասարկում չապահովելու» պատճառով:
«Արմաւիա»ի մամլոյ քարտուղար Նանա Աւետիսովա տեղեկացուց, որ թրքական օդանաւային ընկերութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են իւրաքանչիւր Երեքշաբթի օր սպասարկել այդ թռիչքները, սակայն նախօրօք պէտք է տեղեկացուին, որ թռիչքները պիտի կայանան:
Նախորդ շաբաթ թռիչք չէ եղած միայն այն պատճառով, որ Թուրքիայէն թոյլտուութիւն ստանալէն յետոյ ժամանակ չէ եղած յաճախորդները տեղեակ պահել այդ մասին: