Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն եւ առաւել քան 100,000 հայերու տեղահանումէն տարի մը ետք, Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի եւ Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Բեգլարեանի կողմէ հայց ներկայացուեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին՝ Ատրպէյճանի՝ Արցախի բնակչութեան դէմ կատարած յանցագործութիւններուն համար:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի եւ «Արցախի աջակցութեան միութեան» գործակցութեամբ՝ միջազգային առաջատար փաստաբաններ Ֆրանսուա Զիմերէյ եւ Քաթալինա Տէ լա Սոթա կը ներկայացնեն Արտակ Բեգլարեանը եւ Գեղամ
Ստեփանեանը:
Յիշեցնենք, որ Արտակ Բեգլարեան եւս, Գեղամ Ստեփանեանի պէս, վարած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը: Անոնք եղած են իրենց հայրենիքէն տեղահանուած աւելի քան 100,000 մարդոց մէջ:
Հայցին մէջ կ՛ընդգծուի, որ անոնք ստիպուած էին տառապիլ ուտելիքի եւ առողջապահական օգնութեան բացակայութենէն՝ Դեկտեմբեր 2022ին սկսած Լեռնային Ղարաբաղի 9ամսեայ շրջափակման պատճառով: Ասոր յաջորդեց Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յանկարծակի յարձակումը՝ 19 Սեպտեմբեր 2023ին եւ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը:
Լուսարձակի տակ կ՛առնուի այն, որ խումբ մը այլ ղեկավարներ եւ բնակիչներ, որոնք չկրցան դուրս գալ Արցախէն, ձերբակալուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը պահուին բանտին մէջ: Անոնք կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու եւ վատ վերաբերմունքի, ինչպէս նաեւ զրկուած են ընտանիքներուն ու փաստաբաններուն հետ պատշաճ հաղորդակցութեան կարելիութենէն:
«Ոչինչ կրնայ արդարացնել խաղաղ բնակչութեան՝ իրենց հայրենիքէն եւ տուներէն բռնի զրկման փաստը: Աշխարհը պէտք է մերժէ այս վայրագութիւնը, որ մեր ներկայացուցած հայցին նպատակն է», ըսին Զիմերէյի եւ Տէ լա Սոթա:
Հայցը ներկայացուած է իբրեւ «հաղորդում»՝ համաձայն Հռոմի կանոնադրութեան 15րդ յօդուածին, որ կարելիութիւն կու տայ դատախազին հետաքննութեան սկսելու ներկայացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ: Ըստ փաստաբաններուն՝ Արցախի հայերուն տեղահանութիւնը ունի մարդկութեան դէմ յանցագործութեան բոլոր յատկանիշները:
«Անիկա եղած է անձերու բռնի տեղահանում իրենց օրինական բնակութեան վայրէն՝ իբրեւ լայնածաւալ ոտնձգութիւն քաղաքացիական բնակչութեան դէմ՝ բոլորովին գիտակցելով անոր հետեւանքներուն: Բոլոր պայմանները կան, որ այդ յանցագործութիւններու պատասխանատուները արդարադատութեան ենթարկուին միջազգային քրէական իրաւունքի շրջանակներուն մէջ», կ՛ըսեն փաստաբանները: