Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Փեզեշքեան առանձին շնորհաւորական ուղերձներ յղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին:
Խաչատուրեանին ուղղուած ուղերձին մէջ Իրանի նախագահը կը յայտնէ, թէ ինք յոյս ունի, որ հետագայ տարիներուն, երկու բարեկամ եւ դրացի երկիրներուն յարաբերութիւնները աւելի պիտի խորանան տարբեր հարթութիւններու վրայ, ինչը օգուտ պիտի բերէ երկիրներու ժողովուրդներուն:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, եւ այդ օրէն երկիրները լաւ դրացիներ են», կ՛ըսէ Փեզեշքեան Հայաստանի վարչապետին ուղղուած ուղերձին մէջ:
Փեզեշքեան նաեւ ուրախութիւն կը յայտնէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ամուր եւ կայուն կապերուն համար, որոնք աստիճանաբար կը զարգանան: