«Ամենայն յարգանքով լրագրողների հանդէպ` ուզում եմ ասել, որ Հայաստանում պէտք է կարգաւորուի տեղեկատուական դաշտի գործունէութիւնը, սոցցանցերում (ընկերային ցանցերու վրայ) տարածուող տեղեկութիւնների համար պատասխանատուութիւն պէտք է լինի», «Եռաբլուր»ի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան` անդրադառնալով օր մը առաջ ԱԱԾի տարածած հաղորդագրութեան:
Ան դիմեց Հայաստանի Ազգային ժողովին` ձեռնամուխ ըլլալու այնպիսի օրէնսդրական փոփոխութիւններու, որոնք Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն եւ Հայաստանի մէջ ապրող անձերուն կարելիութիւն պիտի տան պաշտպանուած ըլլալու:
«Միայն ԱԱԾ շրջանառած տեղեկատուութիւնը չէ, տարբեր տեղեկութիւններ են շրջանառւում ֆինանսական յանցագործութիւնների վերաբերեալ, ծանր, առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնների վերաբերեալ: Յորդորում եմ ՀՀ ուժային կառոյցներին` հետամուտ լինել նման տեղեկութիւններին, բացայայտել դրանց իսկութիւնը եւ հաւաստի լինելու դէպքում տալ իրաւական գնահատական», ըսաւ Շահրամանեան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Արցախի լուծարուելէն եւ հայաթափուելէն ետք կը շարունակէ՞ մնալ Արցախի նախագահի պաշտօնին վրայ՝ ան ըսաւ. «Այն մարդիկ, ովքեր ուզում են լսել մեզ, կը լսեն, ուզում են տեսնել Արցախը, կը տեսնեն, այն մարդիկ ովքեր չեն ուզում, ուզում էք այս հարցին ես 10-20 անգամ պատասխանեմ, այդ նոյն հարցերը շարունակելու էք պնդել, տալ: Իրաւական առումով ձեր հարցը հիմնաւորուած չէ»: