
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ-AYF) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Արցախի հայաթափման առաջին տարեդարձին նուիրուած ոգեկոչման հաւաքը, Կլենտէյլի Արցախ թաղին մէջ։
«Մինչեւ մեր վերադարձը․․․» խորագրուած ոգեկոչման ընթացքին շեշտը պիտի դրուի հայութեան չընկրկող ոգիին, դիմադրողականութեան, ինչպէս նաեւ ը ապահով եւ երաշխաւորուած միջոցներով Արցախ վերադարձնելու ջանքին վրայ։