Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 20 Սեպտեմբերին այցելեց Ստեփանակերտ եւ մասնակցեցաւ նորոգուած համալսարանի մը բացումին:
Ան հանդիպում ունեցաւ համալսարանի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ, նաեւ ներկայ եղաւ ուսանողական հանրակացարանի մը բացման:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Ալիեւի` այս տարուան 18 Սեպտեմբերի հրամանագիրով, 20 Սեպտեմբերը կը նշուի իբրեւ Ստեփանակերտի, Խոջալուի, Հադրութի եւ Մարտակերտի օր:
Ալիեւ օր մը առաջ այցելեց Շուշի՝ մասնակցելու Դրօշի հրապարակի բացման: Իսկ Աղդամի մէջ ան ծանօթացաւ Քէնգերլի գիւղին մէջ ընթացող շինարարութեան:
Ալիեւ նախապէս ստորագրած էր հրամանագիր մը՝ 20 Սեպտեմբերը հռչակելով «Պետական գերիշխանութեան օր»: