

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Կիրակի, 15 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Խաչվերացի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ եւ տօնին առիթով շնորհաւորեց Ս. Խաչ ծխական համայնքի զաւակները եւ բոլոր Խաչիկ եւ Խաչեր անունը ունեցողները:
Ս. խորանին սպասարկեցին Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւներ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան ու Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան:
Պատարագի նախօրեակին, հոգեւոր տեսուչը բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ երախտագիտութիւն յայտնեց անոր՝ Խաչվերացի տօնին Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ պատարագ մատուցանելուն համար, ապա զայն հրաւիրեց իր քարոզը փոխանցելու եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն:
Սրբազանը իր հերթին անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտը գտնուելու պատմութեան եւ նշեց, որ Հայ եկեղեցւոյ տօներուն մասին գրուած շարականներուն մէջ կայ նաեւ Խաչվերացի տօնին նուիրուած քառատող մը, ուր կ՛ըսուի, թէ «հաւատացեալներուն օգնական խաչը կանգնեցաւ իբրեւ յաղթանակ թշնամիին դէմ. եկէ՛ք հաւատացեալներ երկրպագենք»: Համայն քրիստոնեայ աշխարհին հետ հայերս ալ կը տօնենք Ս. Խաչի վերացման տօնը, որ ինչպէս բոլոր տօները, այս եւս կը նշուի մանաւա՛նդ յիշելու համար պատմական դէպք մը, հրաշք մը կամ յիշատակելի խորհուրդ մը, աւելցուց ան՝ պատմելով Կոնստանդին մեծն կայսեր մօր՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտը գտնելու եւ զայն կանգնեցնելու դէպքին մասին, ապա վեր առաւ խաչափայտի խորհուրդը մարդոց կեանքին մէջ՝ շեշտելով, որ քրիստոնեայ մարդուն համար խաչ կրելը բարոյապէս վեհ ու մաքուր կեանք վարելու շքեղ մարտահրաւէր մըն է, որ խաչեալ Քրիստոսի պատուիրանները մեր առօրեային մէջ անխախտ յանձնառութեամբ գործադրելու քաջարի կեցուածք եւ համոզում կ՛ընթադրէ:


Քարոզին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ նոյն օրը իրենց վերամուտը նշող թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութեան կարեւորութեան՝ նկատել տալով, որ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր անհրաժեշտ է, որ աշխարհին բացուած հողմացրիւ հայութեան նոր սերունդի տղաք եւ աղջիկներ յաճախեն մեր սուրբ հայրապետներէն Սահակի եւ Բաբգէնի տեսիլքով անցեալ դարուն սկիզբը հիմնադրուած եւ ահա 95 տարիներէ ի վեր գործող կիրակնօրեայ դպրոցներ, ուր Հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ հայ մատղաշ պատանին եւ պարմանուհին կը ստանան քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կ՛ամրապնդուին քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ վաղը կը դառնան պիտանի հայորդիներ:
Խաչվերացի տօնին առիթով կատարուեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն, տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստան եւ օրհնուեցան ռեհանի փունջեր: Գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու ծառայող ժրաջան ձեռքերը, Գեղամ արքեպիսկոպոսը ընդգծեց աւանդական տօներու կարեւորութիւնը ազգի զաւակներուն կեանքին մէջ եւ անխափան շարունակականութիւն մաղթեց հոգեւոր եւ ազգային աւանդութիւններուն, որոնք քրիստոնէական հաւատքը կը զօրացնեն եւ հայկական ինքնութեան նոր աւիշ կը ներարկեն:
