Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Պերսէի հետ:
Ան կարեւոր նկատեց Եւրոպական խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման մէջ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան համար ժողովրդավարութեան զարգացումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ այդ ուղղութեամբ պիտի շարունակէ իր հետեւողական քայլերը:
Պերսէ ընդգծեց Եւրոպական խորհուրդի պատրաստակամութիւնը` ընդլայնելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ` ի նպաստ կառուցային բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման:
Զրուցակիցները քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան եւ ծրագիրներու վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերող քննարկումներուն: Շեշտելով խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը` Փաշինեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստ է համաձայնեցուած յօդուածներու հիման վրայ ստորագրելու պայմանագիրը եւ շարունակելու հետագայ քննարկումները:
Խօսելով Ատրպէյճանի այն պնդումին մասին, թէ ոչ մէկ պայմանագիր չի կրնար հակասել Սահմանադրութեան` ան նշեց, որ, ըստ Հայաստանի գործող Սահմանադրութեան 5րդ յօդուածի 3րդ կէտին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վաւերացուած միջազգային պայմանագիրները ունին գերակայ ուժ Հայաստանի օրէնսդրութեան նկատմամբ: Այսինքն` վաւերացուած միջազգային պայմանագիրը աւելի բարձր է, քան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը: Փաշինեան նոյն ատեն յայտնեց, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ կան տարածքային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ, սակայն հայկական կողմը այդ մէկը չի դարձներ բանակցային նիւթ, որովհետեւ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցուած բաժինին մէջ կայ դրոյթ մը, ըստ որուն, կողմերէն որեւէ մէկը չի կրնար յղում ընել իր ներքին օրէնսդրութեան` իբրեւ արդարացում տուեալ միջազգային պայմանագիրի դրոյթները չիրականացնելու: Աւելի՛ն, խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցուած մասին մէջ կայ յօդուած մը, որ կ՛ըսէ, թէ կողմերէն որեւէ մէկը չի կրնար յղում ընել իր ներքին օրէնսդրութեան այս պայմանագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը ձախողեցնելու համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: