Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճէյհուն Պայրամով հանդիպումը:
Հանդիպումին վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։
Աւելի կանուխ, եռակողմ հանդիպումին մասին յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Վերջին անգամ արտաքին գործոց նախարարները բանակցեցան Յուլիսին, ամերիկեան հարթակին վրայ:
Հաղորդուեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի երկկողմ հանդիպումին մասին, որ պիտի կատարուի Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք Միջխորհրդարանական միութեան 149րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ։ Այս մասին յայտնեց կառոյցի խօսնակ Թոմաս Ֆիցսիմոն:
Ըստ անոր՝ Սիմոնեան եւ Կաֆարովա պիտի քննարկեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան վերաբերող ջանքերը:
Միջխորհրդարանական միութեան 149րդ վեհաժողովի նիստը նախատեսուած է 13էն 17 Հոկտեմբերին: