Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրաւէրով Հայաստան կ՛այցելէ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմաս, որ յայտարարեց, թէ Հայաստան եւ Կիպրոս պիտի ընեն իրենց կարելին ռազմական համագործակցութեան նոր որակ հաղորդելու եւ ապահովական նոր մարտահրաւէրները միացեալ ջանքերով դիմակայելու համար։
Փալմաս հայաստանցի իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց Հայաստանի եւ Կիպրոսի ամուր կապերու եւ համագործակցութեան առկայութիւնը:
«Կիպրոս եւ Հայաստան տարիներով արդէն ձեւաւորած են բովանդակալից եւ զարգացող յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն՝ ապահովական եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ: Մեր համագործակցութիւնը կը ներառէ փոխադարձ այցելութիւններ ռազմական անձնակազմերու, ընդհանուր զօրավարժութիւններ եւ վարժութիւններ, ինչպէս նաեւ պաշտպանական զէնքերու գնումներու ոլորտը», ըսաւ Փալմաս` շեշտելով, որ կայ ներուժ աւելիով ամրապնդելու այդ համագործակցութիւնը:

Ան ընդգծեց միացեալ զօրավարժութիւններու ձեւաչափի ընդլայնումը:
Փալմաս նաեւ ըսաւ, որ Կիպրոս հաստատակամօրէն կ՛աջակցի եւ կը սատարէ տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման:
Ան շեշտեց, որ Կիպրոս կը սատարէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան:
«Բոլորիս համար կայունութեան եւ կենսունակ խաղաղութեան ձեւաչափի բացայայտումը շատ կարեւոր է», յայտնեց Փալմաս:
Պապիկեան բարձր գնահատեց Կիպրոսի աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան կառոյցներու եւ անդամ պետութիւններու հետ փոխյարաբերութիւններուն մէջ:
«Հայ-կիպրական կապերը կարող են իրենց նպաստը բերել կազմակերպութեան շրջանակներում Հայաստանի ինտէգրացիոն (համարկման) գործընթացներին», ըսաւ Պապիկեան, աւելցնելով, որ Փալմասի հետ նաեւ քննարկումներ ունեցած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: «Այդպիսի քննարկումները կրելու են շարունակական բնոյթ եւ նպաստելու են մեր ժողովուրդների անվտանգութեանն ու պաշտպանութեանը: Անելու ենք հնարաւորը ռազմական, ռազմատեխնիկական համագործակցութեանը նոր որակ հաղորդելու եւ անվտանգային նոր մարտահրաւէրներին համատեղ ջանքերով դիմակայելու համար», եզրափակեց Պապիկեան:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւս ընդունեց Փալմասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրը` Գրիգորեան կարեւոր նկատեց պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Կիպրոսի հետ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը:
Զրուցակիցները ընդգծեցին ռազմական կրթութեան, ինչպէս նաեւ սայպըր ապահովութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնման նշանակութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերող հարցերուն: