Իսրայէլի իշխանութիւնները Հինգշաբթի օր անտեսեցին Իսրայէլի հիւսիսային ճակատին վրայ 21 օրերու զինադադար հաստատելու՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ 11 այլ դաշնակիցներու կոչը՝ պնդելով, որ «Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի անխափան։
Նոյն օրը, հարաւային Լիբանանը եւ Պեքաա հովիտը կողքին, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները՝ պնդելով, որ այդ գործողութեամբ սպաննած են «Հըզպալլա»ի այլ հրամանատար մը։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Հինգշաբթի օրուան իսրայէլեան ռմբակոծումներուն ընթացքին սպաննուած են առնուազն 30 անձեր՝ աւելցնելով, որ մէկ օր առաջ սպաննուած անձերու թիւը հասած է 72ի։
Նշենք, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով, ցարդ առաւել քան 600 լիբանանցիներ սպաննուած են եւ մօտաւորապէս 2000 ուրիշներ՝ վիրաւորուած։