ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Լոյս տեսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան աղքատութեան մակարդակը ցոյց տուող ամէնամեայ փաստաթուղթը՝ Հանրապետութեան վիճակագրութեան յանձնախումբի հրապարակած «Աղքատութեան Պատկերը», այնուհետեւ մամուլի մէջ լոյս տեսան աղքատութեան կանխարգիլման նուիրուած յօդուածներ եւ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին հնչեցին տնտեսագէտ մասնագէտներու կարծիքներ՝ աղքատութեան նուազեցման մասին: Վերջապէս երկրի աղքատներուն միջեւ յոյս եւ ուրախութիւն տարածուեցաւ, երբ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մարիամ Պօղոսեանը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ «2024 թուականը դէպի յուսադրող է գնում, որովհետեւ մենք ունենք աղքատութեան մակարդակի նուազում. 2023 թուականի ընթացքում աղքատութեան մակարդակը 26.5 տոկոսից իջել է 24.8 տոկոս»: Իսկ ես, հաւատարիմ այն կարծիքին, թէ մարդը իր բառապաշարով է հարուստ, փափաքեցայ ստուգել «աղքատ» բառին պատմութիւնը ու յայտնաբերեցի, թէ անիկա բաւական հարուստ անցեալ մը ունեցած է: Որպէսզի այդ հարստութենէն բոլորս օգտուինք, իբրեւ հայ լեզուի ժառանգորդներ, իմ աղքատ միտքովս սկսայ գրի առնելու այս յօդուածը:
ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Ի՞նչ է աղքատութիւնը: Պոլսահայ բանաստեղծ Ինտրան անմիջապէս եկաւ պատասխանելու. «Ճակատագրի ի՛նչ աղքատութիւն՝ եթէ մարդ չըլլա՛յ ընկերային տարրերուն մէկ ընտրական հաւաքոյթը»: Բաւարարուեցա՛նք: Բայց, մտածեցի, ի՞նչ է «աղքատ» բառին արմատը: Քանի մը ստուգաբան եւ լեզուաբան այրեր եկան: Աղքատ էր անոնց պատասխանը: Կարծիքներ էին կասկածելի: Կար համաձայնութիւն մը միայն, թէ «աղքատ» բառին արմատը այլ լեզուներու մէջ կը նշանակէր «նիհար, թռուառ, փոքր, ճղճիմ, տկար, ախտ եւ հիւանդ»: Լեզուն որոշեց, որ «աղքատութիւնը հիւանդութիւն մըն է բժշկելի»:
ԱՂՔԱՏԸ ՄԵՐՁ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ
301 թուականին, հայը քարոզիչներու բերանէն սկսեր էր լսելու այն երանելի վիճակին մասին, որ կը կոչուի աղքատութիւն: Իսկ 405ին, ան բռնեց եւ ընթերցեց Աստուածաշունչ Մատեանը, ուր տեղ գտած էին աղքատին սփոփանք տուող խօսքեր: Առաջինն էր՝ «Երանի աղքատաց հոգւով»: Խրատական խօսք մը հետեւեցաւ անոր. «Լաւ է աղքատ՝ որ գնայ ճշմարտութեամբ, քան զմեծատուն՝ սուտ»: Ապա երկիր կառավարելու համար մանուկ մը սկսանք փնտռելու, քանզի Գիրքը ըսաւ. «Լաւ է մանուկ աղքատ եւ իմաստուն՝ քան զթագաւոր ծեր եւ անմիտ»: Նոյն տարիներուն, անոնք, որոնք հարուստ էին նիւթական ունեցուածքով, անմիջապէս սկսան աղքատներուն բարիք կատարելու, որովհետեւ, յորդորեց Աստուածաշունչը՝ «Բարի արա՛ աղքատաց, զի օրհնութիւն քո կատարեալ լիցի»: Վերջապէս, բարեպաշտ աղքատին սիրտը լեցուեցաւ յոյսով եւ յոյզով, որովհետեւ, ըսաւ Սուրբ Գիրքը՝ «Աղօթք աղքատաց մե՛րձ է առ Աստուած»: Անշուշտ, որ պիտի յիշեմ նաեւ Քրիստոսի յայտնի առակին անունը՝ «Աղքատ Ղազարոսի առակը»: Յարգելի ընթերցող, քանի որ վիճակագրական տուեալները հաւաստի են, ինչպէս Հայաստանի վիճակագրական յանձնախումբին հրապարակած տեղեկութիւնները, ես ալ որոշեցի Աստուածաշունչի թիւերով խօսիլ աղքատութեան մասին: «Աղքատ» բառը, ի՜նչ պերճանք, 151 անգամ գործածուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, «աղքատանալ» բայը՝ 11 անգամ, իսկ «աղքատութիւն» գոյականը՝ 25 անգամ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՂՔԱՏ ԱՅՐԵՐԸ
Դուք կ՛ուզէք գիտնալ, թէ ո՛վ էր միջնադարեան Հայաստանի ամենաթշուառ աղքատը: Թերթեցի հին գրականութեան հարուստ էջերը եւ եկայ այն եզրակացութեան, թէ մեր մատենագիրները աղքատ մնալու մրցակցութեան մէջ էին: Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանին մէջ ինքզինք կոչեց «ամենաթշուառ աղքատ»: (Նոյն գիրքին մէջ Նարեկացին Տէրը կոչած էր «աղքատասէր պաշտպան») Յիշատակարաններ գրած այրերը նոյնքան խոնարհ եւ համեստ էին, որքան Նարեկացին: Ահա քանի մը խոստովանութիւններ: Աւագ վանքի գրիչ Ղազարոսը, 1409 թուականին ըսաւ. «Ո՜վ իմաստուն ընթերցող, մի մեղադրել սխալաց… Խիստ եմ աղքատ»: 1471 թուականին, Խառաբաստոյ վանքի գրիչ Մելքիսէդը գրեց, թէ ինք «անարժան եւ մեղաւոր» է, ինչպէս նաեւ՝ «աղքատ հոգւով»: Իսկ 16րդ դարու տաղասաց Ասապով ինքզինք նկարագրեց իբրեւ «Կոյր Ասապով, աղքատ հոգի»:
ՄԻՋԻՆ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Միջնադարուն աղքատութեան իմաստասիրութիւնը եղաւ շատ հարուստ: Բազմաթիւ վարդապետներ, տաղասացներ եւ բանաստեղծներ խօսեցան աղքատութեան մասին: Տաթեւ վանքի վանահայր Գրիգոր Տաթեւացին 1400 թուականին բացատրեց, թէ կան ինը երանելիութիւններ, որոնցմէ առաջինն է «հոգւոյ աղքատութիւնը»: Ապա սուրբը գրի առաւ ընտիր միտքեր. «Աղքատութիւն հոգւոյն արտաքսէ զհպարտութիւնն…, Աղքատութիւն հոգւոյ է հրաժարիլն յաշխարհէ…, Աղքատք հոգուով են խոնարհքն»: Բանաստեղծ Ֆրիկը 1300 թուականին մեզի համար գրեց խրատական տողեր. «Աղքատ իմաստուն լաւ է, / Քան զհազար անգէտ գանձաւոր»: Ան «անպտուղ փայտ» որակեց այն ունեւորները, որոնք կը վայելեն աշխարհը, բայց կ՛անտեսեն չքաւորները. «Երբ դու չի տուիր ձեռօքդ / Աղքատաց եւ արիր քեզ հոգիք, / Հաշուենք, թէ անպտուղ փայտ ես՝ / Կրակին լինիս վառելիք»: Նոյն թուականին Կեչառիս վանքի վանահայր, բանաստեղծ Խաչատուր Կեչառեցին դաստիարակչական քառեակ մը գրի առաւ. «Խաչատո՛ւր, առնել լաւ է, / Քան ասել եւ ոչ կատարել, / Աղքատ եւ արդար լաւ է, / Քան գիտուն եւ յոյժ մոլորել»: Եթէ աղքատ ես եւ պարտք ունիս, ապա ի՞նչ հաճոյք կ՛առնես կեանքէն: Փոխանակ երկար-երկար խօսելու, պարզ երկտող մը բաւարար էր Իգնատիոս Ամթեցիին, որպէսզի ամփոփէ այդ խեղճ վիճակը. «Տես, թէ աղքատ ես պարտական, / Ուտել խմելն է քեզ հարամ, / Թէ տալացու չունես մարդկան, / Ուրախանալն է քեզ արժան»:
ԱՂՔԱՏ ՊԱՆԴՈՒԽՏԸ
«Աղքատ» ածականը, չզարմացանք, միշտ յիշուեցաւ «պանդուխտ» գոյականին հետ: Անբաժանելի էին անոնք: Ճակատագի՛ր: Եթէ յօժարիք հայ ղարիպի քանի մը տաղ կարդալ, դուք կը լսէք անոնց ողբալի ձայնը: Ձեզի համար, ահա՛, համադրեցի երեք «տաղ ղարիպի»: Առաջինը անանուն տաղասացի մը կը պատկանի. «Աղքատ շրջի յերկիրն՝ սրտին յօժար է, / Փոխան շաքրին՝ լեղի, զահր (թոյն) կլան»: Սիմէոն Ջուղայեցին օտարութեան մէջ ողբաց. «Օտար եմ յայսմ երկրի, / Վա՜յ, աւա՜ղ, վա՜յ / Եւ աղքատ, նաեւ այրի, / Եկայք, լացէ՛ք զիս / Եւ ողբացէ՛ք զիս»: Մինչ Ղունկիանոս Կարնեցին, անդաստական կեանքէ յոգնած եւ սիրտը մօր եւ հայրենիքի կարօտով պապակած՝ հառաչեց. «Ինչպէ՜ս չըլամ, հայրենական երկրէս եմ զրկուած / Անտիրական ողորմելի քէօշէները (անկիւնները) մնացած / Ձեռքս՝ ծոցս, շըլլիքս ծուռ, խեղճ աղքատ մ՛եմ մոլորած»:
ԳԵՂԵՑԻԿ ԱՂՔԱՏԸ
Հայկական գեղապաշտ գրականութեան մէջ աղքատութիւնը փայլեցաւ այնպէս, ինչպէս Դանիէլ Վարուժանի մշակներուն քրտինքը՝ մարգրիտի նման: Մեր սեբաստացի երիտասարդը, հայրենի կարօտով «աղքատացած»՝ գերագոյն մարդասիրութեամբ աղքատը պսակեց որպէս իր քնարերգութեան թագաւորը: Վարուժանի քերթուածներուն մէջ աղքատն էր ուշադրութեան արժանի. «Մշա՛կ, ցանէ՜. յանուն նօթի թշուառին / Թող գոգնոցէդ կէս չելլէ ափդ բնաւ. / Աղքատ մ՛այսօր ճրագին մէջ տաճարին / Վաղուան հունձքիդ համար վերջին ձէթը դրաւ»: Սեբաստիայէն շատ հեռու, Սիւնեաց լեռներու ծոցին, Համօ Սահեանը մեզի պատմեց, թէ հայրենի հողին վրայ ինչպէ՛ս էր նախնիներու կեանքը. «Իմ նախնիներն այնտեղ / Ապրում էին, մեռնում: / Ապրում էին աղքատ, / Մեռնում՝ հարուստ»:
ԱՂՔԱՏ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐԸ
Սիրահարի աչքին աղքատութիւնը ի՞նչ է: Դրա՛խտ: Տէրեանը, որ իր ներաշխարհի թախծոտ երգերը երգեց, հեռաւոր գեղեցկուհիի մը զմայլելի պատկերին առջեւ ինքզինք զգաց՝ աղքատացած. «Օտար երկնքի կամարների տակ / Երազիս տեսայ մի չքնաղ աղջիկ. / Ես՝ մի աղքատ մարդ մոլորաշրջիկ, / Նա՝ երկնից թռած լուսէ հրեշտակ»: Պարոյր Սեւակը իր «անգին» կոչած էակին առջե՛ւ աղքատացաւ. «Անգի՛ն, / Քո ոտքերը տեսնել իմ գրկաբաց շէմքին, / Քեզ մէկընդմիշտ տեսնել իմ տանն աղքատ ու հին»: Սեւակը նաեւ քննադատեց աղքատամիտ մարդիկ. «Ինչքան աղքատ են միտքն ու զգացումը, նոյնքան պերճ ու սիրուն են դառնում բառերը»: Իսկ Պոլսոյ մէջ Զահրատը համամարդկային նուիրումով գրեց իր թաղեցիներու մասին. «Ես իմ թաղիս քերթողն եմ / Լեզուս աղքատ է թաղեցիներուս նման / Տաղերուս միակ հարստութիւնը կը կազմեն / Թաղեցիներուս հոգերը»:
ԱՂՔԱՏԱՍԻՐԱՑ ԳԻՐՔԵՐ
Գիտենք, թէ հայկական գրատպութիւնը հարուստ է: Արդեօք, մտածեցի, աղքատին անկիւն մը կա՞ր այդ պերճանքին մէջ: Յայտնուեցաւ, թէ աղքատը եւ անոր հարցերը միշտ ալ հայկական ընկերային կեանքի ուշադրութեան տակ եղած են: Անհամար գիրքեր տպուած են համեստ դասակարգին նուիրուած: Փարթամ քաղաքները, ինչպէս Պոլիս, Պաքու եւ Փարիզ, ազգային խնամակալական հոգիով ջանացեր են աղքատութիւնը «բժշկել»: Ահա այդ գանձարանէն քանի մը անուն. «Կանոնադրութիւն Աղքատասիրաց ընկերութեան, որ ի Միջագիւղ», Պոլիս, 1858, «Աղքատութիւն եւ իր դարմաններն ի գիւղօրէս», Պոլիս, 1872, «Պատմութիւն Բագուայ հայոց աղքատախնամ եկեղեցական հոգաբարձութեան», Պաքու, 1895, «Տարեկան տեղեկագիր Փարիզի աղքատախնամ ընկերութեան», Փարիզ, 1928: Իսկ Խորհրդային Երեւանը աղքատութիւնը դրաւ իր քաղաքական օրակարգին վրայ եւ այդ ուղղութեամբ գիրքեր հրատարակեց, ինչպէս՝ «Աշխատաւորների աղքատացումը կապիտալի երկրներում», 1953, «Թուրքիայի աշխատաւորութեան ծայրայեղ աղքատացումը երկրորդ համաշխարհային պատերազմից յետոյ», 1955:
ԱՂՔԱՏԸ ԼԱՒ Է
Երգն է որ աղքատին սփոփանք կու տայ: Քաղցր եղանակ մը, ճիշդ չէ՞, քանի մը վայրկեան կը հեռացնէ աղքատը իր առօրեայ, նիւթական հոգերէն ու անուշութեամբ կ՛օրօրէ անոր միտքը: Այս նպատակով, կարծես թէ Աշուղ Ճիւանի իր պարզունակ, ռամիկ լեզուով փորձեց թեթեւցնել հայ աղքատին ցաւը. «Աղքատ հողագործ, մի՛ վհատիր, կալոցը մօտ է, / Արտերը հասել են, սիրելիս, քաղոցը մօտ է»: Ան քաջալերեց մշակը, որ համբերատար ըլլայ: Ապա, խրատական երգ մը գրեց. «Աղքատ մարդուն չեն բամբասիլ, / Երանի հաց մուրացողին»: Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ՝ մէջբերելով Ճիւանիի ճոխ քնարէն մէկ այլ երգ, որ մեզի կը բացատրէ, թէ աղքատին աշխատանքն ու քրտինքն էր թանկագին.
«Ի՞նչ հասկանամ անհոտ բուրաստանիցը,
Ո՞վ է գոհ անաշխատ այգեպանիցը,
Անօգուտ, անողորմ մեծատանիցը
Ազգասէր, ողորմած աղքատը լաւ է»: