Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ Վրաստան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, եւ երկու երկիրներուն կ՛առաջարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ մը:
«Գիտակցելով խաղաղութեան կարեւորութեան՝ մենք առաջատար դեր ունեցած ենք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը հակամարտութիւններու տարածաշրջանէն կարելիութիւններու տարածաշրջանի մը վերածելու ջանքերուն մէջ: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, յատկապէս դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող ջանքերը: Մենք կը փափաքինք ապահովել տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ մը, որ կ՛աջակցի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան եւ վստահութեան կառուցման, որպէսզի, տարակարծութիւններուն՝ անցեալին մէջ մնալը երաշխաւորուի, իսկ տարածաշրջանի պաշարները եւ առաւելութիւնները առաջարկուին աշխարհին», ըսաւ Քոպախիձէ: