Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան 24 Սեպտեմբերին, Փոքրիկ Հայաստանի մէջ գտնուող «Հորիզոն» կայանէն «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ։
Խաչատրեան յիշեց, որ առաջին անգամ 25 տարիներ առաջ հարցազրոյց մը ունեցած էր Գրիգորեանի հետ, երբ ան թեկնածու էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութիւններուն։ Այդ թուականէն ետք, Գրիգորեան ընտրուեցաւ նշեալ խորհրդարանի անդամ եւ շրջան մը Պըրպենքի Կրթական խորհուրդին մաս կազմելէ ետք, ան 2010ին ընտրուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, հանդիսանալով այդ դիրքին հասած առաջին հայորդին։ Ան 2022ին ընտրուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ եւ այդ պաշտօնէն հեռացաւ 20 Սեպտեմբերին։
Գրիգորեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնեց քաղաքին համար տագնապալի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որովհետեւ նախորդ նախագահը՝ Նուրի Մարթինեզ, պարտադրուած էր պաշտօնէն հրաժարելու, փոքրամասնութիւններու, ներառեալ՝ ամերիկահայերուն հասցէին ազգայնամոլ յայտարարութիւններ կատարելուն համար։
Հարցազրոյցին ընթացքին Գրիգորեան բացատրեց, թէ ինչպիսի միջոցներով կրցած է կացութեան վատթարացումը զսպել եւ վերաշահիլ քաղաքապետական խորհուրդին նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը, որ վերոյիշեալ միջադէպին կողքին, ականատես եղած էր խորհուրդի երեք այլ անդամներու հրաժարականին, զեղծարարութիւններու բացայայտումին պատճառով։
Նշենք, որ նախագահի պաշտօնէն հեռանալուն առիթով, քաղաքապետ Քերըն Պես դրուատած էր Գրիգորեանի գործունէութիւնը՝ զայն նկատելով քաղաքին պատմութեան մէջ ամէնէն ազդու պաշտօնատարներէն մէկը։
Հարցազրոյցին ընթացքին Գրիգորեան նաեւ խօսեցաւ Հայկական Հարցը ջատագովելու նպատակով իր ջանքերուն մասին, որոնք ոչ միայն քաղաքին, այլ նաեւ նահանգային իշխանութիւններուն զօրակցութիւնը ապահովեցին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու գծով։
Նշենք, որ Գրիգորեանի ջանքերուն շնորհիւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը ճանաչում շնորհեց Արցախի անկախութեան, որմէ ետք նահանգային օրէնսդիր մարմինը եւս ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։ Այնուհետեւ կարելի եղաւ Շուշիի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ հաստատել «Բարեկամ քաղաք»ի յարաբերութիւնը, որուն շնորհիւ Շուշիի մէջ Բարեկամութեան հրապարակը բացուեցաւ։ Արցախի հայաթափումէն ետք, Գրիգորեան Լոս Անճելըսի մէջ «Արցախի Հանրապետութեան Հրապարակ»ը հաստատելու ծրագիրը յաջողեցաւ իրականացնել, Ուիլշըր եւ Կրենվիլ թաղերու խաչմերուկին, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին դիմաց։
Գրիգորեան նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած «Արդարութեան քայլարշաւ»ին իրականացման մէջ։ Այդ քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 160,000 անձեր։