Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, ՀՄԸՄի Վալանսի ֆութպոլի ակումբի Բ. խումբը կը մրցէր թրքական համայնքային FC Turquoise ակումբին դէմ։ Առաջին կիսախաղէն ետք, մինչ հայկական ակումբը 2 կօլի առաւելութիւն արձանագրած էր, եւ հանդիպումը կ՛ընթանար առանց յատուկ բրտութեան, թուրք համակիրները ներխուժեցին խաղադաշտը եւ յարձակեցան հայկական ակումբի խաղացողներուն վրայ: Թուրքերը դանակներ եւ այլ սուր զէնքեր ունէին իրենց վրայ։ Հայկական ակումբի երկու խաղացողներ, որոնք լրջօրէն վիրաւորուեցան իրենց ստացած հարուածներուն պատճառով՝ փոխադրուեցան հիւանդանոց։
«Անգամ մը եւս ֆրանսահայեր, Ֆրանսայի հողին վրայ կ՛ենթարկուին թուրքերու յարձակումին։ Քանի մը վկայութիւններ կը հաստատեն նաեւ այս յարձակումին ցեղապաշտական բնոյթը։ Երկրին իշխանութիւնները պէտք է լրջօրէն հետամուտ ըլլան այս նոր յարձակումին եւ խստօրէն պատժեն պատասխանատուները, իսկ ֆութպոլի իշխանութիւնները պէտք է նոյնպէս խիստ պատիժներու դիմեն ու կախակայեն FC Turquoise-ը», կը գրէ «Նոր Յառաջ»ը:

Հայ Դատի յանձնախումբը այս գծով հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Ցեղապաշտական նոր յարձակում մը կատարուեցաւ հայ համայնքի երիտասարդներու նկատմամբ՝ թրքական համայնքի անդամներու կողմէ։ Դարձեալ յարձակումի ենթարկուեցան Ֆրանսայի քաղաքացիներ, պարզապէս ծագումով հայ ըլլալնուն պատճառով։ Այս յարձակումը կատարուեցաւ ֆութպոլի պաշտօնական խաղի մը ընթացքին, որուն կը մասնակցէին Պուր-լէ-Վալանսի հայկական համայնքի ՀՄԸՄի ակումբը եւ թրքական համայնքի ֆութպոլի խումբը: Այս յարձակումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայատեացութեան գաղափարախօսութիւնը։ Այս յարձակումը նաեւ կը յիշեցնէ մեզի, որ «Գորշ գայլեր»ը լուծարքի ենթարկելը, որուն գործօն կերպով նպաստած է Հայ Դատի յանձնախումբը, կը կարօտի լրացումներու՝ հակահայկական ատելութեան դէմ պայքարի վճռական գործողութիւններու եւ այդ շարժումին վերականգնումը եւ ատելութեան կոչերը կանխելու՝ համակարգուած հետապնդում: Մենք կոչ կ՛ընենք իշխանութիւններուն՝ առաւելագոյն հաստատակամութիւն ցուցաբերելու եւ արժանի պատիժներ գործադրելու՝ ի տես ցեղապաշտական այս նոր յարձակումին։ Հասած է ժամանակը հաստատելու, որ «Գորշ գայլեր»ը կը վերակազմաւորուին եւ ըստ այդմ՝ անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելու՝ Ֆրանսայի հողէն անհետացնելու համար այս ֆաշական գաղափարախօսութիւնը: Նկարին մէջ նշեալ թրքական ակումբի համակիրները հպարտօրէն ցոյց կու տան գորշ գայլերու նշանը։ Այս ակումբը պէտք է արտաքսուի ֆութպոլի ախոյեանութենէն։ Անիկա գործ չունի մարզական աշխարհին մէջ»։