Պաքու կոշտ կերպով քննադատեց Պրիւքսէլը՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութեան եւ Հայաստանի՝ զէնք գնելու փորձերուն մասին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան խօսնակ Փիթըր Սթանոյի յայտարարութիւնները՝ զանոնք որակելով «կողմնակալ», «անհիմն»եւ «անընդունելի»:
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութեան եւ Հայաստանի ռազմականացման մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին իբրեւ պատասխան Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան խօսնակ Փիթըր Սթանոյի արտայայտած կարծիքները միանգամայն անհիմն են եւ անընդունելի։ Վճռականօրէն կը մերժենք Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարին կողմէ Ատրպէյճանի նախագահին հայեացքներուն սխալ եւ բացայայտ կողմնակալ մեկնաբանութիւնը», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Սթանօ ի շարս այլ յայտարարութիւններու նաեւ շեշտած էր, որ Հայաստանի գերիշխան իրաւունքն է աշխատիլ իր պաշտպանական ունակութիւններուն վրայ եւ ընտրել իր գործընկերները:
«Այն պնդումները, թէ Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ ստեղծուած եւ առանց որեւէ հիմնաւորման ընդլայնուած առաքելութիւնը, իբր թէ, դեր կը խաղայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան աջակցելու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կը չարաշահեն այդ առաքելութիւնը», ըսաւ Հաճիզատէ՝ պնդելով, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը «կ՛օգտագործուի իբրեւ հակաատրպէյճանական քարոզչութեան գործիք», եւ որ «անիկա չի կրնար որեւէ դեր խաղալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ»: