ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այսօրուան մեր հարցազրոյցով ձեզի կ՛ուզեմ ներկայացնել հայերէնի դասատու մը, որ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Անոր անունը շատ ծանօթ ըլլալու է ձեզի որովհետեւ դասատու ըլլալու կողքին, ան նաեւ նշանաւոր է «Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը» խորագրով հրատարակուող գրութիւններով, ուր ան կը ներկայացնէ բառերու ստուգաբանութիւնը։
Այդ դասատուն է Նորայր Տատուրեանը։ Հիմա տեսնենք թէ ինչո՞վ բացառիկ է այս դասատուն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.– Սիրելի Նորայր Տատուրեան, կրնա՞ս քեզի եւ ընտանիքդ ծանօթացնել մեր ընթերցողներուն։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Շատ սիրով։ Ծնած եմ Պոլիս․ նախնական ուսումս ստացած եմ Գարակէօզեան գիշերօթիկ նախակրթարանը, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսմանս համար յաճախած եմ Պոսֆորի համալսարանը եւ ստացած Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս՝ իմաստասիրութեան ճիւղին մէջ։ Պոլսոյ մէջ ամուսնացայ Նուէր անունով պոլսեցի աղջկայ մը հետ եւ բախտաւորուեցանք չորս զաւակներով՝ Ծովակ, Նարեկ, Տերեւ եւ Արեւ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Պատիւս արժանաւորաց։ Չորս զաւակներուդ ալ տուած ես հայկական անուններ։ Շատ լաւ, ե՞րբ հաստատուեցար Միացեալ Նահանգներ։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- 1997ին ես եւ տիկինս հաստատուեցանք Քալիֆորնիոյ մէջ։ Սա ալ ըսեմ, որ չորս զաւակներս ալ ծնած են հոս եւ անշուշտ անմիջապէս ստացան ամերիկեան հպատակութիւն, որ իսկապէս մեծ բախտաւորութիւն մըն է։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Գիտեմ որ ասպարէզով հայերէնի ուսուցիչ ես։ Ես շատ տպաւորուած եմ քու մէկ արտայայտութիւնովդ թէ՝ «Հայերէնի ուսուցիչ ըլլալը Սփիւռքի մէջ ե՛ւ կոչում է ե՛ւ հպարտութիւն»։ Կրնա՞ս մեզի թուել, թէ ո՞ր հաստատութիւններուն մէջ ուսուցչութիւն ըրած ես։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Անշուշտ։ Երկու տարի (2004-2006) Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանին մէջ, 14 տարի (2006-2020) ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, իսկ 2020էն սկսեալ՝ Փասատինայի պետական Պլէր երկրորդական վարժարանի նորաբաց «Հայկական Ճեմարան»ին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Որքան գիտեմ վերոյիշեալ ճեմարանի ստեղծման նախաձեռնութիւնը քուկդ է, չէ՞։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ոչ բոլորովին, բացատրեմ։ Երբ Մանուկեան վարժարանը փակուեցաւ, աշակերտները մէջտեղ մնացին։ Ուրեմն աշակերտ մը, ծնող մը եւ ես գացինք Փասատինայի դպրոցներու ցանցի վարչութեան եւ խնդրեցինք լուծում մը։ Լուծումը հետեւեալն էր՝ Bilingual Program Armenian Academy, Պլէր վարժարանին էջ։ 50 աշակերտով սկսանք եւ անցեալ տարի ունէինք 70 աշակերտ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Հայերէնի կողքին, ի՞նչ նիւթեր կը դասաւանդէք։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ մենք ունինք երեք դասարան՝ սկսնակ, միջակ եւ յառաջադէմ։ Իսկ հայերէնի կողքին մենք կը դասաւանդենք հայկական պար եւ ունինք հայկական ակումբ մը՝ «Հայկ»։
Առաւել, մենք ունինք տարեկան տօնացոյց մը։ Սեպտեմբերին մենք կը տօնախմբենք Հայաստանի Անկախութիւնը, Հոկտեմբերին՝ հայ մշակոյթը, Նոյեմբերին՝ կը հրաւիրենք հիւր մը, որ աշակերտներուն ներկայացնէ իր նախընտրած նիւթը, Դեկտեմբերին՝ կը տօնախմբենք Սուրբ Ծնունդը եւ աշակերտները կը խոստովանին իրենց մեղքերը ու կը ստանան հաղորդութիւն, Փետրուարին կը տօնենք Տեառնընդառաջը, խարոյկահանդէսով եւ պարերով, իսկ Ապրիլին կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մեր աշակերտները դպրոցէն կը քալեն դէպի Փասատինայի յուշարձանը, ուր տեղի կ՛ունենայ ոգեկոչում եւ պատշաճ յայտագիր։ Մայիսը յատկացուած է «Վերջին Զանգ»ին, այսինքն հրաժեշտի։ Շրջանաւարտ դասարանը կը պատրաստէ «Յիշողութեան Արկղ»ը, ուր կ՛ամփոփուին յիշատակներ եւ որ պէտք է բացուի տարի մը ետք։ Հայկական պարով մը կը վերջանայ յայտագիրը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Գիտեմ որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանին տնօրէնն ալ էք։ Կրնա՞ք մեզի տեղեկութիւն տալ այդ մասին։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Շատ սիրով։ Ուրեմն, 2009ին այդ պաշտօնը վստահուեցաւ ինծի, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին կողմէ։ Մենք ունինք 35 աշակերտ եւ չորս ուսուցիչ։
Առ ի գիտութիւն ըսեմ, որ առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ մէջ կը գործեն 17 շաբաթօրեայ դպրոցներ։ Մեր դպրոցը թիւով ամենափոքրն է, սակայն մենք միակն ենք, ուր դասաւանդութիւնը կ՛ընթանայ արեւմտահայերէնով։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.– Իսկ ինչո՞ւ ձեր դպրոցը կոչուեցաւ «Փեթակ»։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Անցեալ տարի, սրբազան հայրը թելադրեց որ շաբաթօրեայ դպրոցները ունենան իրենց յատուկ անունները։ Ես «Փեթակ» ընտրեցի, հետեւեալ պատճառաբանութեամբ։
Դպրոցը փեթակն է, աշակերտները մեղուները եւ անոնց աշխատանքի արդիւնքը՝ հայերէն սորվելու, մեղրի նման անուշ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Իսկապէս շատ յարմար անուանակոչում մըն է։ Հիմա անցնինք ուրիշ նիւթի մը։ Ե՞րբ սկսար դպրոցական աշակերտները Հայաստան տանիլ, ամառները։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ես՝ ինը տարի բարձրագոյն դասարանի աշակերտները տարած եմ Հայաստան, երկու շաբաթով։ Անոնք՝ այն ինչ որ սորված են Հայաստանի պատմական վայրերուն մասին, հոն ականատեսի աչքով կը դիտեն զանոնք եւ այդպէսով կը հաղորդուին ցեղին ձայնով եւ կ՛ապրին անոր կանչով։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Լսեցի որ վերջերս նոր պարտականութեամբ մըն ալ բեռնաւորուած ես։ Կրնա՞ս այդ մէկը յստակացնել մեզի։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Այո, ինչու չէ։ Ուրեմն, Պոլսոյ մէջ «Բաց Ձայնասփիւռ» անունով կենդանի հաղորդում մը (live broadcast) կայ թրքերէնով եւ «Ակօս» թերթին տուած են շաբաթը 1.5 ժամ, որ սփռէ իր հաղորդումը։ Իսկ թերթը ինձմէ խնդրեց, որ այդ յատկացումին մէկ երրորդը՝ այսինքն շաբաթական կէս ժամ, ես օգտագործեմ իմ նիւթերուս համար։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ են քու նիւթերդ, որով յայտագիր կը պատրաստես։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ես կ՛ընտրեմ միջնադարեան հայ աշուղներ ու տաղասացներ, որոնք կու գան Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն եւ գիւղերէն։ Օրինակ՝ վանեցի Նահապետ Քուչակը, Մարտիրոս Խարասարցին (Խարասար շրջանէն) եւ Դաւիթ Սալաձորցին (Սալաձոր շրջանէն) եւ կը ներկայացնեմ անոնց գործերը։
Իսկ հիմա պիտի ներկայացնեմ նաեւ կիներ, որոնք եղած են երաժիշտներ եւ բանաստեղծուհիներ։ Օրինակ՝ Սահակդուխտ եւ Խոսրովիդուխտ, ու պիտի ներկայացնեմ անոնց գործերը։
Այս բոլորը կ՛ընեմ անոր համար, որ այդ քաղաքներու կամ գիւղերու մէջ ծնած բնակիչներն ու անոնց զաւակները հպարտ զգան, որ իրենք հայրենակիցներն են արուեստի աշխարհի այդ հսկաներուն։
Իսկ այս շաբաթական հաղորդումները կ՛ունկնդրեն ոչ միայն հայեր՝ Թուրքիոյ տարածքին, այլ նաեւ այն հայերը, որոնք Թուրքիայէն գաղթած են Հոլանտա, Գերմանիա եւ Եւրոպական այլ երկիրներ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն պարոն Տատուրեան՝ այս խիստ շահեկան հարցազրոյցին համար։ Յաջողութիւն՝ ձեր սրբազան առաքելութեան համար։
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն ձեզի, որ ինծի ընծայեցիք այս առիթը։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Չենք կրնար ուրանալ երբեք, որ պարոն Տատուրեան բծախնդիր եւ խստապահանջ ուսուցիչ մըն է, որ ջանք չի խնայէր իր աշակերտներուն մտքերը թրծելու հայեցի դաստիարակութեամբ եւ սրտերը լեցնելու ազգային ոգիով։
Պատահական չէ ուրեմն, որ ան ստացած է «Պատուոյ Մրցանակ» Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութենէն՝ հայերէնի պահպանութեան, զարգացման եւ դասաւանդումին համար։ Ան ստացած է նաեւ «Երախտագիտութեան Վկայագիր» Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն։ Պատիւս արժանաւորաց։