Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ Երեքշաբթի օր մայրաքաղաք Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը կատարուեցաւ:
«Սանա» պետական լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին յարձակումին՝ աւելցնելով, որ Դամասկոսի Մազզէ թաղամասին վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են առնուազն 3 զոհեր եւ 9 վիրաւորներ:
Նոյն լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ զոհերու շարքին է Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի խօսնակ Սաֆա Ահմետ: