
ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ՍԱԴՐԱՆՔ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան հիմնադիր Պիձինա Իվանիշվիլի դրական գնահատանք տուաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ հաշտուելու գաղափարին, զոր արտայայտած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, սակայն միաժամանակ կոչ ըրաւ ռուսական ուժերը այս շրջաններէն դուրս բերելու, կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»ն:
«Վրաստանի «տարածքներու որոշ հատուածներու մէջ, որոնք բռնագրաւուած են, այսօր ռուսական ռազմակայաններ տեղակայուած են: Առ այդ, այդ յայտարարութիւններուն զուգահեռ, լաւ պիտի ըլլար սկսիլ մշակել այդ բանակային ստորաբաժանումները Վրաստանի տարածքէն դուրս բերելու ծրագիր», ըսաւ ռուսամէտութեան յանցանքով մեղադրուող Իվանիշվիլի:
Վրացական ընդդիմութիւնը Լաւրովի խօսքերը սադրանք նկատեց: «Լաւրով, անշուշտ, իր յայտարարութեամբ կը հաստատէ, որ կը համագործակցի «Վրացական երազանք»ին հետ: Վրաստանի իշխանութիւններուն համար աւելի մեծ ամօթ չի կրնար ըլլալ», ըսաւ ընդդիմադիր երեսփոխան Թամարա Քորձայա:
«Ակնյայտ է, որ Վրաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը ազնիւ կերպով կը գնահատէ անցեալը: Անոնք ըսին, որ պատմական հաշտութիւն կ՛ուզեն: Թէ ի՛նչ ձեւով, ինչ ձեւաչափով կրնայ այդ հաշտեցումը ըլլալ, պէտք է որոշեն երկիրները` թէ՛ Աբխազիա, թէ՛ Հարաւային Օսեթիա», ըսած էր Լաւրով: Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ դիմած էր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ բնակիչներուն` կոչ ուղղելով անոնց, որ ապրին «վրացական մէկ պետութեան մէջ»: Ըստ անոր, Վրաստան պէտք է «վերականգնէ բոլոր քանդուած կամուրջները»:
Սեպտեմբերի սկիզբը, Իվանիշվիլի յայտարարած էր, որ եթէ իր կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթէ, Թիֆլիս օսերէն ներողութիւն պիտի խնդրէ «2008ի զինուորական տագնապին համար», ակնարկելով շրջանը Վրաստանի իշխանութեան տակ բերելու գործողութեան, որ Ռուսիա-Վրաստան պատերազմին առաջնորդած էր։ Թիֆլիսի այդ օրերու իշխանութիւնները կը յայտնէին, թէ տագնապը սկսած էր, երբ Մոսկուայի աջակցութիւնը վայելող օսերը ռմբակոծած էին վրացական դիրքերը։