
Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն արդիւնքները, այլ բաներու շարքին, պիտի որոշեն նաեւ Հայաստանի ապագան, Վարշաւայի ապահովութեան խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի` ընդգծելով, որ Երեւան Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ուղիով կ՛ընթանայ:
«Վրաստանի մէջ միշտ եղած են ժողովրդավարական եւ եւրոպամէտ ուժեր: Անոնք կը ներկայացնեն երկրին մեծ մասը: Անոնք գիտեն, թէ ո՛ւր է մեր ապագան: Անոնք գիտեն, որ Վրաստան այլընտրանք չունի: Վրաստանի բնակչութեան 80 առ հարիւրը, հակառակ պատերազմին եւ Վրաստանի ուղին փոխելու Ռուսիոյ բազմաթիւ փորձերուն, երկար տարիներ հաստատակամօրէն աջակցած է եւրոպական ուղիին եւ Վրաստանի եւրոպական ապագային: 26 Հոկտեմբերի ընտրութիւնները վճռորոշ պիտի ըլլան: Բազմաթիւ ուժեր կը գործեն Վրաստանի կամքին հակառակ, սակայն ես վստահ եմ, որ մեր ապագան Եւրոպայի մէջ է: Ուքրանիա այժմ իր անկախութեան համար պայքարելով նաեւ կը պայքարի Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ազատութեան համար:
«Եւրոպայի ճակատագիրը պիտի որոշուի Ուքրանիոյ պատերազմին, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն արդիւնքներով: Անոնք պիտի կանխորոշեն նաեւ ապագան Հայաստանի, որ նոյնպէս կ՛ընթանայ Եւրոպայի Միութեան հետ մերձեցման ուղիով: Այնպէս որ, այն բոլոր բաները, որոնք այսօր դրուած են խաղասեղանին շատ կարեւոր են, եւ ամէնէն կարեւորը խաղաղութիւնն է: Խաղաղութիւն՝ որ պիտի արտայայտուի Վրաստանի եւ Մոլտովայի մէջ ժողովուրդներու ազատ կամքի արտայայտութեամբ», ըսաւ Զուրապիշվիլի:
Այս ամիս Մոլտովայի մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական, իսկ Վրաստանի մէջ` խորհրդարանական ընտրութիւններ: