ԱՊՀի երկիրներու ղեկավարներու նիստին ընդառաջ, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 7 Հոկտեմբերին մասնակցեցաւ ԱՊՀին մասնակցող պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով նիստերուն քննարկուեցան ԱՊՀ գործունէութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր։ Իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մասնակցութեամբ ընդունուած փաստաթուղթերուն՝ նախարար Միրզոյեան անդրադարձաւ Մեղրի քաղաքին 2026ին «ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքի» պատուաւոր կարգավիճակ տալու որոշումին՝ ընդգծելով նաեւ քաղաքին հնագոյն մշակութային ժառանգութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցերու: Միրզոյեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, մասնաւորաբար խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման վերաբերող վերջին հիմնական զարգացումները: