Առաւել քան տասը տարիներէ ի վեր, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կ՛աջակցի հայերէնի վերաբերեալ արհեստագիտական գործիքներու ստեղծումին, որպէսզի հայերէնը համատեղելի մնայ ոլորտին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ:
Բաժանմունքը, լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ առաջատար մը ըլլալով՝ երկար տարիներէ ի վեր կը համագործակցի Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մասնագէտներու հետ՝ աջակցելու «լեզու եւ թեքնաբանութիւն» ծրագիրներու իրականացումին: Ասոնց շարքին են՝ առցանց բառարաններու կայքերը, հայերէնի ընդհանուր ուղղագրիչները, հայ գրականութեան որոնելի տուեալներու շտեմարանները եւ մեծ քանակով գրաւոր նիւթերը, հայերէնի քերականութիւնը, նախադասութեան կառուցուածքները եւ բառակազմութիւնը վերլուծող կայքերը եւ գործիքները, արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»ն, ինչպէս նաեւ թուայնացումի մեծ նախագիծերը:
Նկատի ունենալով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր առաքելութիւնը, այս թուային աղբիւրները եւ գործիքները բաց ու ազատ ձեւաչափով հասանելի են հանրութեան:
Վերջին շրջանի զարգացումներուն, մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան արագ եւ շարունակական յառաջացումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ բաժանմունքին հնգամեայ ընթացիկ ծրագիրին պարունակին մէջ, բաժանմունքը կը փնտռէ խորհրդատու մը՝ «Տեղեկատուական թեքնաբանութիւն եւ լեզու» ոլորտի ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք վերահսկելու համար, նկատի ունենալով անոնց իրագործելիութիւնը, առնչելիութիւնը եւ կարեւորութիւնը:
Խորհրդատու պաշտօնին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։
Դիմումները պէտք է ուղարկել carmenias@gulbenkian.pt հասցէին, նամակի վերնագիրին մէջ նշելով «Տեղեկատուական թեքնաբանութեան եւ լեզուի խորհրդատու»:
Դիմումներու վերջնաժամկէտը՝ 30 Նոյեմբեր 2024:
Դիմումները պէտք է ներառեն սեղմ կենսագրական մը, տուեալ ոլորտին մէջ ունեցած փորձառութիւնը, եւ համառօտ պատկերացում մը, թէ ինչպէս պէտք է ապահովել հայերէնի կենսունակութիւնը արդի արհեստագիտութեան լոյսին տակ: