ՄԱՐԻԷԹ Մ. ՕՀԱՆԷՍ

Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբերին, Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ընտանեկան վերամուտի «քէօֆթէ»ի աննախընթաց գիշերը՝ Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ: Ներկայ էին հիւրեր, միութեան անդամներ, բարեկամներ եւ համակիրներ:
Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերը՝ աղցաններ, «սու պէօրէկ», համեղ «քէօֆթէ»ն եւ այլ ճաշեր ու քաղցրեղէն:
Շուրջ 60 անձերու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ «քէօֆթէ»ի ծագումին մասին տեղեկութիւններու փոխանցումով եւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Օհանէսի կողմէ կազմակերպուած խաղերով, եւ բախտաւորները նուէրներ ստացան:
Կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ տէր եւ տիկին Կարօ Գուրեանները 500 տոլար նուիրեցին: Ներկաները մտերմիկ զրոյցի պահեր ունեցան։
Ջինջ գիշերը իր աւարտին հասաւ ուշ ժամերուն:


