
4էն 6 Հոկտեմբերին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական համաժողովը, որ նախաձեռնութիւնն էր ՀՅԴ Լոնտոնի «Խանասոր» Երիտասարդական միութեան:
Համաժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու անդամ առաւել քան 60 երիտասարդներ, 7 երկիրներէ՝ Կիպրոս, Յունաստան, Հոլանտա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Շուէտ եւ Անգլիա:
Համաժողովի բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ. ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան, որ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութեան ու երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին:


Զանազան ելոյթներով եւ աշխատանոցներով ժողովին մասնակցեցան՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Անէթ Մոսկոֆեան, Ամերիկայի Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու եւ ԸԵՄՄի փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեան:
Համաժողովին ընթացքին երիտասարդները ծանօթացան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործունէութեան եւ առիթ ունեցան աշխատանոցներու եւ գործնական վարժութիւններու ճամբով առաջարկներ ներկայացնելու: Եղան զրոյցներ երիտասարդութեան գործունէութեան եւ քաղաքական դերակատարութեան մասին՝ կեդրոնանալով Հայաստանի հզօրացման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին եւ Հայ Դատի նպատակներու իրականացման նպաստող աշխատանքներուն վրայ:
Նշենք, որ 5 Հոկտեմբերի խորհրդաժողովին մուտքը ազատ էր բոլոր լոնտոնահայ երիտասարդներուն համար. անոնք մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերին, ծանօթացան տարուող աշխատանքներուն եւ առաջարկներ կատարեցին:
Համաժողովը իր աւարտին հասաւ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ, ազգային եւ յեղափոխական երգերու հանդէսով մը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններուն, որոնք այս համաժողովին ընդմէջէն վերանորոգեցին իրենց պատրաստակամութիւնը եւ ամբողջական նուիրումը Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ հայութեան ու մասնաւորաբար արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար տքնաջան պայքարին:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ