ԱՊՀի վեհաժողովի նեղ կազմով նիստին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեան շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորումը։ Ըստ BelTA-ի՝ այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց ԱՊՀի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ։
Պետութիւններու ղեկավարները կ՛ակնկալեն, որ կարգաւորման գործընթացը մօտին ապագային աւարտի։
Լրագրողներ Լեպետեւին հարցուցին, թէ Հայաստանի կողմէ փաստաթուղթերը ստորագրելու վերապահութիւններ եղա՞ծ են։
«Որքան գիտեմ, գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք առաջարկուած են ստորագրել պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, հայկական կողմին համաձայնութեան արժանացան։ Աւելի՛ն, կրնամ ըսել, որ նեղ ձեւաչափով այդպիսի բովանդակալից խօսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման հարցերու շուրջ։
«Յատկապէս կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ԱՊՀի բոլոր պետութիւններու ղեկավարները Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին մաղթեցին կարելի եղածին չափ շուտ փոխադարձ համաձայնութեան հասնիլ», ըսաւ Լեպետեւ՝ աւելցնելով. «Փափաքները հասկնալի են։ Բայց ինծի ուրախացուց այն, որ երկու պետութիւններու ղեկավարները իրենք ալ արտայայտեցին, այդպիսի, ըստ ինծի, բաւական լաւատեսական կանխատեսումներ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը երկար սպասել չի տար։ Անշուշտ, ոչ ոք յստակ ժամկէտներ տուած է։ Դուք կը հասկնաք, որ ասիկա բարդ հարց է։ Բայց, հանդիպման ներկայ եղողները յոյս ունին, որ մօտիկ ապագային այդ գործընթացը պիտի աւարտի»։
Ըստ Լեպետեւի՝ այդպիսի համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը մեծապէս պիտի բարելաւէ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը եւ երթեւեկի միջանցքներու ծիրին մէջ պիտի նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան եւ փոխգործակցութեան աշխուժացման։
Մինչ այդ, նոյն ժողովի ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չպատասխանեց այն հարցումին, թէ մինչեւ այս տարուան աւարտը արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ համաձայնութեան հասնիլ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՛րբ պիտի ստորագրուի համաձայնագիրը՝ Ալիեւ ըսաւ. «Երբ մենք ամէն ինչի շուրջ պայմանաւորուինք»։ Ճշդող հարցումին, թէ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլա՞յ մինչեւ տարեվերջ՝ ան ուսերը բարձրացուց։
Միւս կողմէ Փաշինեան ըսաւ, որ համաձայնեցուած պայմանաւորուածութիւններուն քանակը արդէն բաւական է հիմա իսկ ստորագրելու պայմանագիրը։
ԱՊՀի պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին եւս Փաշինեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու այս ամիս՝ շեշտելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը ոչ միայն կարելի է, այլ նաեւ հասանելի։