Ատրպէյճանցի երեսփոխաններ դիմեցին արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին` խնդրելով խզել Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիրները եւ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան` USAID-ի հետ գործակցութիւնը, հակադարձելով Արցախի հայաթափումին գծով Պաքուն հաշուետուութեան կանչելու նպատակով 60 քոնկրեսականներու անցեալ շաբթուան նամակին:
Ատրպէյճանի պետական լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ այս մասին Ատրպէյճանի խորհրդարանի 8 Հոկտեմբերի նիստին ընթացքին յայտարարութիւն մը կատարեց խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա` պնդելով. «Պաքու կը վարէ անկախ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն»:
Ան յիշեցուց քոնկրեսականներու նամակին հակադարձած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ յայտարարութիւնը, որ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ոչ ոք կրնայ Պաքուին որեւէ բան թելադրել կամ միջամտել ներքին գործերուն», եւ թէ իրենք «պիտի ընեն այն, ինչը անհրաժեշտ կը նկատեն»:
«Ուաշինկթըն կը փորձէ նոր տագնապ հրահրել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ` մեծ օգնութիւն յատկացնելով Երեւանին, վերազինելով երկիրը եւ անորմով իսկ զայն դրդելով ոչ-կառուցողական դիրքորոշում ունենալու խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ:
Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Սպիտակ տան քաղաքականութեան հիմնական նպատակը ճնշում գործադրելն է մեր երկրին վրայ` Ատրպէյճանին շրջանին մէջ յառաջատար դիրք գրաւել չարտօնելու համար», ըսաւ երեսփոխան Մուշֆիգ Ճաֆարով: