Մինչ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի վրայ յարձակումները կը շարունակուին, առնուազն եօթը զոհեր, ներառեալ՝ մանուկներ եւ կիներ ու աւելի քան 11 վիրաւորներ արձանագրուեցան Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի Մեզզէ շրջանին վրայ Երեքշաբթի գիշեր կատարուած նորագոյն յարձակումին ընթացքին։
«Իսրայէլ օդային յարձակումով մը սուրիական բռնագրաւուած Կոլանիէն երեք հրթիռներ արձակեց՝ թիրախ դարձնելով Դամասկոսի Մեզզէ բանուկ շրջանին մէջ բնակչութեամբ լեցուն, նոյն ատեն առեւտրական կեդրոն հանդիսացող շէնք մը», Սուրիոյ պաշտօնական լրատու գործակալութեան յայտնեց զինուորական աղբիւր մը, ըստ որուն, յարձակումին պատճառով նաեւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան։
Փլատակներուն տակէն վիրաւորներ դուրս բերելու աշխատանքը կը շարունակուի։