
ՍԱՄ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Սամ Եուսուֆեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (կարմիր եկեղեցի) մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Յասմիկ Եուսուֆեան
Զաւակները՝ Վիգէն եւ Թինա Եուսուֆեան
Թալին Եուսուֆեան
Թոռները՝ Սօֆի Եուսուֆեան
Ճոզէֆ Եուսուֆեան
Եւ համայն Եուսուֆեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Փասատինայի «Յովսէփեան» վարժարանին (St Gregory A.M. Hovsepian Armenian School, 2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107)։