Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակոյթի կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ 6 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր անդրանիկ փառատօնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, իսկ անոր մասնակցութիւն բերին առաւել քան 4000 հիւրեր եւ համակիրներ։
Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի բակին մէջ տեղի ունեցած փառատօնին մասնակցողները վայելեցին հայկական երգեր եւ պարեր, ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի ուտեստեղէն։ Ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանութեան, հրշէջներու եւ շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք առիթը ունեցան մասնակցողներուն ներկայացնելու իրենց գործունէութիւնը, սպասարկութիւնները եւ արտադրութիւնները։
Կլենտէյլի կեդրոնը կառուցուող Հայ-ամերիկեան թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։

