Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 15 Հոկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան ընդհանուր քարտուղար Մարթին Չունկոնկի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահներու հանդիպումին չեղարկման մանրամասնութիւնները:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ Չունկոնկ դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական կողմը յարաբերութիւններու պատուհանը փակուած չի նկատեր։ Ասոր իբրեւ պատասխան՝ Սիմոնեան արձագանգեց, թէ, հակառակ անոր որ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ երեք օրեր շարունակ կապեր հաստատած է Ժընեւ այցելութեան նախօրէին Տուշանպէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Միջխորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին, սակայն վերջինս որեւէ ձեւով չակնարկեց հանդիպումը չեղարկելու մասին, եւ հայկական կողմը այդ մասին կազմակերպութեան քարտուղարութենէն իմացաւ միայն Ժընեւ հասնելէ ետք:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Սիմոնեան վերահաստատեց հայկական կողմին՝ երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ երկու երկիրներու խորհրդարաններու եւ հանրութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու եւ ձեռնարկելու անոր ամրապնդման վերաբերող յստակ քայլերու, որոնք կը միտին փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման: