Պաքու եւ Թեհրան քննարկեցին Իրանի տարածքով դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման ծրագիրը։ Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է «Ատրպէյճանի երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Ռովշան Ռուստամով, որ այս հարցը քննարկեց իրանցի իր պաշտօնակից Ճապպար Ալի Զաքերի Սարտրուտիի հետ՝ Թեհրան կատարած այցելութեան ընթացքին:
«Մեր քննարկումներու նիւթը երկաթուղային գիծի կառուցումն էր, որ Իրանի տարածքով ուղիղ ցամաքային կապ պիտի ապահովէ Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանին (նկատի ունի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքները – Խմբ.) եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ։ Բացի այդ, մենք քննարկեցինք Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի երկայնքով համագործակցութեան ամրապնդման հարցերը եւ խօսեցանք երկու երթուղիներու զարգացման ուղղութեամբ «Ատրպէյճանական երկաթուղիներ»ուն ձեռնարկած քայլերուն, ինչպէս նաեւ մեր ապագայ ծրագիրներուն մասին», գրած է
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.