ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
«Մեր Երկիրը Սուրբ է եւ Հին», Վ. Տէրեան

Ժողովուրդի մը կորիզը կազմող համազգային ներուժը արդարօրէն կը պահպանէ իր ազգային արժէքներն ու աւանդոյթները:
Վերջապէս, արտաքին եւ ներքին քաղաքական շերտերով տուեալ ազգն ու երկիրը վերիվայրումներէն պաշտպանողը՝ իր հարազատ պետութիւնն է ամբողջական իր համակարգով:
Փա՛ռք բարձրեալին եւ պատի՛ւ մեր հայրենասէր նախահայրերուն եւ «հայրենասէր ղեկավար»ներուն, ազգային թէ կրօնական, որոնք դարեր շարունակ անմիջական եւ հարազատ տիրութեամբ մը, ջանք թափած եւ նուիրուած էին ապահովելու եւ գոյատեւելու՝ որպէս ազգ եւ ազգային արժէքներու պաշտպան եւ պահապան, իրենց վայել ազգային եւ հայրենական ինքնութեամբ:
Դժուար էր հարկա՛ւ եւ յատկապէս պատմական անցուկ պայմաններով, սակայն եւ երբէ՛ք անկարելի եղած չէր, այլ գետնի վրայ ամուր իրականացած, հաստատուած եւ մինչ օրս պատուանդան դարձած, այսօրուան արժանաւոր մնացորդացը…:
Հարկա՛ւ, որ մեծ նուիրում եւ զոհողութիւն կը պահանջէր յատկապէս, անցեալի անկայուն պայմաններով եւ «անհող ու անհայրենիք» դարձած Սփիւռքին համար, որպէսզի անոնք հաւատարիմ կերպով կառչած մնային իրենց արմատներուն եւ աւանդոյթներուն… եւ փաստ է, որ անոնք երբէ՛ք ուխտադրուժ չեղան պահպանելու եւ արժանավայել կերպով փոխանցելու, իրենց նախահայրերու հարուստ եւ սրբազան ժառանգը:
Այսօր, անգամ մը եւս, կը յիշենք եւ կ՛արժեւորենք Հոկտեմբեր ամիս՝ «Հայ մշակոյթի ամիս»ը, որպէս մեր ազգային հիմնական տօներէն մէկը, մեծարելու հայկական ինքնութեան խարիսխը կազմող՝ հայ գիրերու գիւտին հեղինակը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ ապա հայ թարգմանիչներու անգնահատելի դերը։ Անոնք նուիրուած էին հայկական արձանագրութիւններու պահպանման սուրբ գործին, հիմնանպատակ ունենալով՝ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ անթերի փոխանցել:
Արդ, գիտակցելով մեր ազգի դարաւոր ու փառաւոր անցեալին, մշակութային ակունքներով, բաւարար չէ բարձրաձայնել եւ յայտարարել անցեալի տուեալներւ միայն, այլ հաւատքով եւ պատուով կառչած պէտք է մնանք մեր ազգային անգին արժէքներուն, եւ ազգային ինքնաճանաչումի հիմնաքարը դարձնելով զայն պահպանենք, կերտենք եւ հզօրացնենք հոգեկան եւ նիւթական մեր արժէքներն ու արժանիքները, ապա առաւել զարկ տանք մեր հայրենական արժէքներուն, որպէս ազգային սկզբունքներու մեր անխախտ հիմքն ու ակունքը:
Ի դէպ, արդար է մեղադրել եւ կամ նոյնիսկ «անիծել» թշնամիին վայրագ յոխորտանքներն ու արարքները, աւերներն ու անոնց թողած խոր վէրքերն ու հետեւանքները հանդէպ մեր ազգին ու հայրենիքին, սակայն որպէս տէրը եւ «հարազատ զաւակ»ը մեր երկրին, ազգին եւ մշակոյթին, ցաւ ի սիրտ, ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել հայրենական՝ հողային եւ տարածքային ու մարդկային մեր վնասները եւ չհետապնդել անոնց վերականգնումը, քաջ գիտակցելով, որ այս բոլորը միասնաբար կ՛ապահովեն առաւել արժանավայել ազգ, հայրենիք եւ Սփիւռք ունենալու, պահպանելու արժանավայել երկիր եւ պետութիւն կառուցելու մեր բացարձակ իրաւունքը:
Անբաժա՛ն են եւ պէ՛տք է մնան՝ միացեալ ազգ եւ հայրենիք, ժողովուրդ եւ պետութիւն փոխկապակցութիւնները, սակայն առաւել հասանելի եւ թափանցիկ կապակցուած գիտակցութեամբ եւ յարաբերութեամբ՝ ըստ հարկին եւ ընդմիշտ…:
Վերջապէ՛ս, կանգուն է հայրենիքը, մե՛ր հայրենիքը, երբ ամուր են հայրենիքի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնը եւ երկուստէք ապրող հայութեան գոյապայքարին համար մարտնչող միասնական ժողովուրդի պայքարը:
Արդ, ամրապինդ եւ կայուն է Սփիւռքը, գոյատեւման իր սկզբունքներով եւ յատկապէս հայրենիքի կայունութեամբ:
Այսօր, մեր հայրենիքն ու Սփիւռքը, երկու տարբեր բեւեռներ դարձած կը մաքառին, իւրաքանչիւրը իր ծիրին մէջ արժանաւոր կերպով ինքնահաստատուելու համար, սակայն փոխադարձ հաւատք եւ վստահութիւն կը պակսի անոնց միջեւ շաղկապուելու համար՝ ՑԱՒՈՔ ՍՐՏԻ..:
Եւ հաւատալով, որ մէ՛կ ազգ, մէ՛կ հայրենիք ենք համատարած Սփիւռքով, հարկ է, որ ունենանք «առողջ», «արթուն» եւ «նուիրուած պետութիւն» մեր կողքին կանգնած, եւ քաջ գիտակցելլով, որ անիկա կանգուն կը մնայ միայն, երբ իր ներքին եւ արտաքին ժողովուրդի կայունութեամբ հաստատուն է, եւ իր նուիրուածութեան եւ անմիջական օժանդակութեան առաքելութեամբ է, որ կը գործէ, անոնց պահպանման ի խնդիր…
Ուրեմն, ի՞նչ կը պակսի մեզի, որպէս դարաւոր ժողովուրդ, ոտքի կանգնելու եւ վերստին հաւատալու, որ՝
«Ամրակուռ է մեր հոգին – դարերի զաւակ,
Շատ է տեսել մեր սիրտը աւեր ու կրակ» (Վ. Տէրեան)։
Անգամ մը եւս թերթատե՛նք եւ սերտե՛նք Վ. Տէրեանի՝ «Մեր Երկիրը Սուրբ է Եւ Հին» քերթուածը:
Բարենպաստ եւ օգտաշատ ընթերցում՝ ազգովին…: