ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ՏՈՒՆԸ՝ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ
«Հըզպալլա»ն շարունակեց հրթիռակոծել իսրայէլեան ուժերու դիրքերը, ռազմակայանները եւ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ դէմ դնել իսրայէլեան ցամաքային ուժերու ներթափանցման փորձերուն:
««Հըզպալլա»ն սահմանագիծին վրայ միայն հարիւրաւոր մարտիկներով կը կռուի եւ աւելի մեծ ուժեր ետեւի գիծերուն վրայ կը պահէ` երկարատեւ ճակատամարտի մը համար», հաղորդեց «Ետիոթ Ահրոնոթ»ը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններուն վրայ արձակած հրթիռներուն պատճառով յառաջացան բազմաթիւ հրդեհներ ` աւելցնելով, որ բնակեցուածները նախապէս այդ շրջաններէն չէին հեռացուած:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակումներ գործեց Նապաթիէի եւ հարաւային Լիբանանի զանազան շրջաններու վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը Սուր գաւառի Սրիֆա գիւղին մէջ հարուածեց տուն մը՝ սպաննելով 3 քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ նոյն գաւառի Պըրժ Ռահհալ գիւղին մէջ տուն մը: Վերջինիս պատճառով 2 քաղաքայիններ զոհուեցան եւ ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Իսրայէլեան յարձակում մը առնուազն 6 զոհեր խլեց Պաալպեքի մէջ, ներառեալ՝ նորածին մը։
Իսրայէլ օդային յարձակումներ գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ: Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Շաբաթ առաւօտուն, «Պէյրութի մէջ «Հըզպալլա»ի հետախուզութեան սպայակոյտի կեդրոնատեղիին վրայ յարձակում գործեցինք»:
Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ Կիրակի օր, իսրայէլեան օդուժը Այն Ըպըլ-Հանին ճամբուն վրայ լիբանանեան բանակի փոխադռակարք մը ռմբակոծեց, որուն պատճառով 3 զինուորներ սպաննուեցան:
Նշենք, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Շաբաթ օր Ճիւնիի ճամբուն վրայ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: «Իմամ Խումէյնի» կեդրոնը աւելի ուշ գուժեց Մաասումա Քարպասչիի եւ անոր ամուսինին` լիբանանցի Ռիտա Ապպաս Աուատայի սպանութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Իրանի քաղաքացի Մաասումա Քարպասչին եւ անոր լիբանանցի ամուսինը՝ Ռիտա Աուատան ահաբեկելու՝ Իսրայէլի ոճիրը»:
Նաեւ, «Հըզպալլա»ն Շաբաթ օր, անօդաչու թռչող սարքով մը ուղղակի կերպով հարուածեց Գալիլիոյ մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տունը: Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ ամբաստանեց «Հըզպալլա»ն զինք մահափորձի ենթարկելու յանցանքով` նշելով, որ այդ յարձակումը գործողները «մեծ սխալ գործեցին»: