Հայաստանի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն պատճառով՝ չորս տարիներու ընդմիջումէն ետք, 22 Սեպտեմբերին դարձեալ տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան անդամներուն եւ հովանաւորներուն տարեկան հանդիպումը՝ հիմնարկութենէն կրթանպաստներ ստացած ուսանողներուն հետ։
Երեւանի «Մերիտիըն Էքսփօ»ի սրահին մէջ իրականացած հանդիպումին ներկայ էին մօտաւորապէս 1300 ուսանողներ, իսկ անոնց առջեւ ելոյթներ ունեցան յաջորդաբար՝ Հայ կրթական հիմնարկութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլէրեան, Հայ կրթական հիմնարկութեան Հայաստանի գրասենեակի գործադիր վարիչ Արմինէ Յարոյեան, Հայաստանի կրթական նախարարութենէն Արքատի Պապոյեան, Հայաստանի Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան Հայաստանի գրասենեակի կրթանպաստներու յանձնախումբի պատասխանատու Սեդա Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ շարք մը ուսանողներ, ապա գործադրուեցաւ գեղարուսետական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ ներկայիս կամ անցեալին հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած ուսանողներու։

«Հայ կրթական հիմնարկութեան մեր մեծ ընտանիքը տարիներ շարունակ իր գրկում է պահում Հայաստանի հազարաւոր երիտասարդների, որոնք յաղթահարելով բազում դժուարութիւններ` իրենց ամէնօրեայ ձեռքբերումներով կերտում են մեր երկրի բարեկեցիկ ապագան: Շնորհակալութիւն ենք յայտնում Հայաստանի Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին, Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարութեան արտաքին կապերի պատասխանատու եւ Սփիւռքի վարչութեան պետին, օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչներին, հովանաւորներին, հիւրերին, աջակիցներին եւ մեր ուսանողներին այս միջոցառումն իրենց ներկայութեամբ պատուելու համար», կը գրէ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, որ վերջին 17 տարիներուն Հայաստանի մէջ 5900 ուսանողներու կրթանպաստներ յատկացուցած է։