
Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, Ռուտոլֆ Կարպոյեան 51 քլկ․ դասակարգի մրցումներուն աւարտականին, յաղթելէ ետք իր ատրպէյճանցի մրցակիցին, դարձաւ ախոյեան:
57 քլկ․ կշիռի Ռուլան Ասլիքեան, 60 քլկ․ կշիռի Արթուր Սահակեան եւ 67 քլկ․ կշիռքի Յարութիւն Յակոբկոխեան դարձան Եւրոպայի փոխախոյեաններ:
Աւելի կանուխ, Էլիտա Քոչարեան, աղջկանց 60 քլկ․ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր` պարտութեան մատնելով ուքրանացի իր մրցակիցը:
