Երկուշաբթի առաւօտուն, «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն այցելեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ մէկ շաբթուան կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի:
Շահան Գանտահարեանի հետ ունեցանք օգտակար զրոյց՝ Լիբանանի, լիբանանահայութեան ու յատկապէս «Ազդակ»ի դերակատարութեան մասին:
Շահան Գանտահարեան նաեւ ծանօթացաւ «Ասպարէզ»ի աշխատանքներուն ու անձնակազմին: Իր հետ ունեցանք նաեւ հարցազրոյց, որ լոյս պիտի ընծայենք յառաջիկայ օրերուն: