Ազգային ժողովը 23 Հոկտեմբերին, 67 թեր քուէներով վաւերացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման կանոնակարգը:
Հարցի քննարկումը խորհրդարանը սկսաւ 22 Հոկտեմբերին` առանց ընդդիմութեան: Աւելի կանուխ անոնք յայտարարած էին, որ ո՛չ քննարկման, ո՛չ ալ քուէարկութեան պիտի մասնակցին:
Մինչ հիմնական զեկուցող, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան կը ներկայացնէր նախագիծը`«Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները վերահաստատեցին իրենց բացասական դիրքորոշումը, ապա դահլիճէն հեռացան:
Ազգային ժողովին մէջ, հարցում-պատասխանի ընթացքին` պատասխանելով պատգամաւորներուն հարցումներուն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին մէջ կը տեսնէ վտանգներ, սակայն գործընթացի բացակայութեան վտանգները հազարապատիկ աւելին կը նկատէ։
Ըստ անոր՝ հարցը այն է, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութեան կանոնակարգի գործիքակազմերը կարելիութիւն կու տա՞ն վտանգները կառավարելու: «Մեր գնահատականն այն է, որ հնարաւորութիւն տալիս են ռիսկերը (վտանգները) կառավարել», ըսաւ Փաշինեան:
Ան կրկնեց, թէ Հայաստանի գերիշխան տարածքի որեւէ միլիմեթր սակարկման ենթակայ չէ: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի գերիշխան տարածքէն առաւել քան 200 քառ. քիլոմեթր բռնագրաւուած է, սակայն Հայաստան զանոնք ռազմական ուղիով վերադարձնելու հարց չի դներ: «Մենք համարում ենք, որ այսօր վաւերացրած կանոնակարգը եւ սահմանազատման գործընթացը տալիս է բոլոր հնարաւորութիւնները` խաղաղ բանակցային ճանապարհով ՀՀ ինքնիշխան տարածքի ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնն ապահովելու», շեշտեց Փաշինեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Կլիմայի վեհաժողովին՝ նշելով, որ անիկա լաւ առիթ է ուշադրութիւն հրաւիրելու տարածաշրջանի հրատապ հարցերուն վրայ՝ խաղաղութեան գործընթացին, տարածաշրջանի կայունացման եւ զարգացման հարցերուն։
Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Քազանի մէջ տեղի ունենալիք BRICS գագաթնաժողովին Հայաստանի բարձր մակարդակով ներկայութիւնը։ «Մենք բալանսաւորման (հաւասարակշռութեան) եւ բալանսաւորուած արտաքին քաղաքականութիւն ենք որդեգրել, եւ այս տրամաբանութեամբ մասնակցում ենք «3+3» ձեւաչափով հանդիպմանը: Մեզ համար կարեւոր է քննարկումների տարբեր հարթակներում ներկայ գտնուելը, տարբեր հարթակներում տարբեր գործընկերների հետ Հայաստանի Հանրապետութեան տեսակէտները եւ դիրքորոշումները կիսելն ու իրենց ուղերձները լսելը: Մանաւանդ, որ BRICS գագաթնաժողովը վերաբերւում է գլոբալ (ընդհանուր) հարաւի խնդիրներին: Կարծում եմ, որ այդ օրակարգն ուղիղ առնչւում է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեանը», ըսաւ Փաշինեան, ըստ որուն, BRICS վեհաժողովը նաեւ կարելիութիւն պիտի տայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը ներկայացնելու։
«Ակնյայտ է, որ միջազգային հանրութեան շրջանում «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնն աճում է կայուն ձեւով, եւ նման հարթակները կարեւոր են մեր ասելիքը ասելու համար: Ոչ պակաս շարժառիթ նաեւ, որ հրաւէր եմ ստացել ՌԴ նախագահից անձամբ եւ ընդունել եմ այդ հրաւէրը: Կարծում եմ, որ այնտեղ գտնուելը կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան համար», ըսաւ Փաշինեան: