Պաքուն կտրականապէս մերժեց Եւրոպայի յանձնակատար Նիքոլաս Շմիթի 22 Հոկտեմբերի յայտարարութիւնները` զանոնք որակելով «անընդունելի, անհիմն եւ կողմնակալ»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ նախ նշեց, թէ յանձնակատար Շմիթի յայտարարութիւնը պատրաստած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութիւնը (EEAS), ապա զայն «իրականութեան չհամապատասխանող» եւ «Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու անյաջող փորձ» նկատեց:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցով 22 Հոկտեմբերի քննարկումին ընթացքին հիմնական զեկուցող, Եւրոպական յանձնակատար Շմիթ յայտարարած էր, որ COP29-ը Պաքուի համար առիթ է ցոյց տալու իր հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն: Ան շեշտած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալութիւններու թիւը բարձրացած է. ան նաեւ ընթերցած էր բանտարկուածներուն անունները եւ յորդորած Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ անյապաղ ազատ արձակել զանոնք: Ան խօսած էր Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ խոշտանգումներու, եւ վատ վերաբերմունքի մասին՝ կարեւոր նկատելով, որ չարաշահումներու մասին իւրաքանչիւր հաղորդում պատշաճ եւ անաչառ քննութեան ենթարկուի: Շմիթ նաեւ ըսած էր, որ աւելցած է ճնշումը անկախ լրատուամիջոցներու եւ այլախոհներուն վրայ՝ ընդգծելով, թէ վեհաժողովը պատմական կարելիութիւն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար աշխարհին ցոյց տալու իրենց հաւատարմութիւնը խաղաղութեան նկատմամբ եւ քաղաքական կամք դրսեւորելու խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու համար:
Հաճիզատէ հակադարձեց Շմիթին՝ «սկզբունքօրէն կեղծ» նկատելով այն պնդումը, թէ Ատրպէյճանի որոշ քաղաքացիներ կը հետապնդուին իրենց քաղաքական մօտեցումներուն համար, կամ որ լրագրողներ կամ իրաւապաշտպաններ ներկայացնող անձերու դէմ քրէական գործերը քաղաքական դրդապատճառներ ունին:
Եւրոպական Միութեան համապատասխան կառոյցները մեղադրելով բացարձակ «անտեղեակութեան եւ անտարբերութեան» մէջ` Հաճիզատէ ըսաւ, թէ Եւրոպայի յանձնակատար Շմիթ բարոյական իրաւունք չունի խօսելու Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերուն:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական խորհրդարանին եւ ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան՝ հրաժարելու միակողմանի դիրքորոշումէն, որ կը հակասէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան», կ՛ըսուի Հաճիզատէի յայտարարութեան մէջ։