Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած յայտարարութեան միջոցով դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, թրքական պետական օդանաւային եւ եթերագնացութեան ընկերութեան դէմ կատարուած ահաբեկչութիւնը, որ խլեց 5 անձերու կեանքերը եւ պատճառեց 22 վիրաւորներ:
«Անկարայում այսօր տեղի ունեցած յարձակումը ցոյց տուեց, որ ահաբեկչութիւնն ու անմեղ մարդկանց վնասելն արդարացում չունեն: Հայաստանն, ինչպէս բազմիցս ասուել է, դէմ է ահաբեկչութեան ցանկացած ձեւին ու բռնութեան նմանատիպ գործողութիւններին», գրուած է վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.