Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը 453 թեր, 31 դէմ եւ 89 ձեռնպահ քուէներով ընդունեց Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ոտնահարման ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւ մը: Լուրը հաղորդեց Ազգային ժողովին մէջ Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան, ըստ որուն, բանաձեւը կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի մէջ եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ այդ պետութեան կողմէ ստեղծուած բոլոր հիմնական հարցերուն:
Հրապարակուած բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ պատժամիջոցներ սահմանելու իր կոչը՝ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ արտօնած ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ: Կը պահանջուի ազատ արձակել քաղաքական պատճառով բանտարկուած անձերը, դադրեցնել բռնաճնշումներու բոլոր ձեւերը՝ թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ, եւ թէ երկրի սահմաններէն դուրս:
Բանաձեւին մէջ ընդարձակ անդրադարձ կայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն: Ընդգծելով աջակցութիւնը երկու երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ եւրոպացի պատգամաւորները կը վերահաստատեն իրենց պահանջը՝ Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի գերիշխան տարածքէն:
Բանաձեւը, ըստ Եղոյեանի, «արցախահայերուն բռնի տեղահանումը ուղղակիօրէն ցեղային զտում կը կոչէ»:
«Իր աջակցութիւնն է յայտնում Հայաստանում Եւրոպական Միութեան առաքելութեան (EUMA) գործունէութեանը եւ ընդգծում նրա կարեւոր դերը: Վերահաստատում է իր մտահոգութիւնը՝ կապուած EUMA-ի դէմ Ադրբեջանից զրպարտչական արշաւների հետ. կոչ է անում EUMA-ին շարունակել ուշադիր հետեւել տեղում զարգացող անվտանգութեան իրավիճակին, թափանցիկ հաշուետուութիւն տրամադրել խորհրդարանին եւ ակտիւօրէն (աշխոյժ կերպով) նպաստել հակամարտութիւնների կարգաւորման ջանքերին, ինչպէս նաեւ՝ կոչ է անում Եւրոպական Միութեան եւ նրա անդամ պետութիւններին ուժեղացնել EUMA-ի մանդատը, մեծացնել դրա չափը եւ երկարացնել դրա տեւողութիւնը», ըսաւ Եղոյեան: