Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրներով շարք մը երկիրներէ Հայաստանի դեսպաններ կանչուեցան, իսկ ուրիշներ՝ նշանակուեցան:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կայքին՝ Արմէն Սարգսեան կանչուեցաւ Քաթարի, Հրաչեայ Փոլադեան՝ Եգիպտոսի, Օմանի եւ Ալճերիոյ, Վլադիմիր Կարապետեան՝ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի, Ծովինար Համբարձումեան՝ Իտալիոյ, Մալթայի եւ Սան Մարինոյի, Արմէն Եդիգարեան՝ Պուլկարիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններու պաշտօններէն:
Հայաստանի նախագահին հրամանագիրներով Ռուբէն Սողոյեան նշանակուեցաւ Իրաքի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Պաղտատ), Վիեթնամի մօտ՝ Սուրէն Բաղդասարեան՝ համատեղութեան կարգով, Ծովինար Համբարձումեան՝ Պուլկարիոյ մօտ (նստավայրը` Սոֆիա), Վլադիմիր Կարապետեան՝ Իտալիոյ մօտ (նստավայրը՝ Հռոմ):