Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քազանի մէջ ՊՐԻՔՍի վեհաժողովի ծիրին մէջ, կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեցին պելոռուս լրատուամիջոցներ՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու։
Ընթացիկ տարուան 13 Յունիսին, Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստանի ոչ մէկ պաշտօնեայ պիտի այցելէ Պելոռուս, այնքան ատեն որ այդ երկրին նախագահը Ալեքսանտր Լուքաշենքոն է:
Ան այս մասին ըսաւ իբրեւ արձագանգ Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ նախքան 44օրեայ պատերազմը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած էին եւ եկած այն եզրակացութեան, որ Ատրպէյճան կրնայ յաղթանակի հասնիլ այդ պատերազմին: Նոյն օրը, Հայաստան խորհրդակցութիւններու համար Երեւան կանչած էր Պելոռուսի մօտ իր դեսպանը, իսկ Պելոռուսը` Հայաստանի մօտ իր դեսպանը։