Պաքու կողմնակալ որակեց Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ 24 Հոկտեմբերին ընդունուած բանաձեւը, եւ Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փեթըր Միխալքօ այս հարցով կանչուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսը յայտարարեց, թէ Եւրոպական խորհրդարանը՝ մէկ կողմ դնելով բոլոր հարցերը, «դարձեալ յարձակում գործեց Ատրպէյճանի վրայ»:
«Պաքու ընտելացած է ատրպէյճանցի ժողովուրդի օրինական ակնկալութիւններուն նկատմամբ Եւրոպական խորհրդարանի արհամարհական վերաբերմունքին», յայտարարեց Պաքուի խորհրդարանը` նշելով, թէ կարելի չեղաւ հաշտուիլ այն միտքին հետ, որ Ատրպէյճան 44օրեայ պատերազմին եւ «հակաահաբեկչական միջոցառումներուն» իբրեւ արդիւնք ապահովեց իր տարածքային ամբողջականութիւնն եւ գերիշխանութիւնը:
Ընդգծելով, որ բանաձեւը «կը բովանդակէ փաստեր, անհեթեթ յայտարարութիւններ, մեղադրանքներ, սպառնալիքներ եւ կեղծ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած պահանջներ»` Պաքու զայն նկատեց փաստաթուղթ մը, որուն մէջ հաւաքուած են «Պաքուի դէմ գործող տարբեր շահագրգիռ խումբերու կողմէ կիրարկուող թեմաներ եւ ճնշման գործիքներ»:
Պաքու Եւրոպական խորհրդարանին ընդունուած բանաձեւը իր ներքին գործերուն միջամտելու փորձ որակեց:
Ասոր կողքին, Միխալքօ կանչուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ատրպէյճանական կողմը Միխալքոյին յանձնեց բողոքագիր մը՝ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին կողմէ 24 Հոկտեմբերին ընդունուած բանաձեւին գծով:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը 453 թեր, 31 դէմ եւ 89 ձեռնպահ քուէներով նախօրէին ընդունեց Ատրպէյճանի իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ոտնահարման եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին բանաձեւը:
Ընդգծելով աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` եւրոպացի պատգամաւորները վերահաստատեցին իրենց պահանջը` Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: Բանաձեւը արցախահայերուն բռնի տեղահանումը ուղղակիօրէն կը կոչէ ցեղային զտում։
Խորհրդարանի բանաձեւերը պարտադիր ուժ չունին եւ միայն խորհրդատուական բնոյթի ունին: