Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման կանոնակարգը վաւերացնելու մասին օրէնքը ստորագրեցին:
Վահագն Խաչատուրեան օրէնքը ստորագրեց 24 Հոկտեմբերին: Պաքու 25 Հոկտեմբերին հաղորդեց, որ Իլհամ Ալիեւ եւս ստորագրած է զայն:
Հայաստանի Ազգային ժողովը զայն վաւերացուց երկու օր առաջ:
Ցարդ հրապարակային տեղեկութիւն չկայ, թէ Ատրպէյճան կանոնակարգի վաւերացման ուղղութեամբ ինչ քայլերու պիտի դիմէ: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ այս ընթացակարգերը Պաքու եւ Երեւան պէտք է միաժամանակ իրականացնեն:
Փաստաթուղթով կը նախատեսուի, թէ ինչպէս պէտք է իրականացուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատումը: Միակ հիմնական սկզբունքը, որ հոն ամրագրուած է՝ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրն է, բայց առանց յստակ քարտէսներու:
Սահմանադրական դատարանը 26 Սեպտեմբերին սահմանազատման կանոնակարգը նկատեց Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխանող ։
Կանոնակարգը ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ Երեւան եւ Պաքու փոխանակեն ծանուցումներու բնօրինակները: